Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Համշէնահայերուն Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ «Մոխիրներէն Յառնել» Խորագիրով

Կիրակի, Դեկտեմբեր 25-ին, համշէնահայերուն կազմակերպութեամբ, Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը, որ կը կրէ «Մոխիրներէն յառնել» խորագիրը:

Համշէնահայ լրագրող Ատնան Կենճի նախաձեռնութեամբ կայանալիք այս խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան համշէնահայ մտաւորականներ Հիքմեթ Աքչիչեք եւ Մահիր Օզքան:

Համշէնական «Հատիկ» միութեան ղեկավար եւ «Վովա» երաժշտական համոյթի անդամ Հիքմեթ Աքչիչեք պիտի բանախօսէ Համշէնի պատմութեան մասին, իսկ «Համշէնեան Պատմուածքներ» հատորի հեղինակ՝ Անթուան տը Սեն Էկզիւփերիի «Փոքրիկ Իշխանը» ստեղծագործութիւնը համշէնահայերէնի թարգմանած Մահիր Օզքան, պիտի խօսի Համշէնի իւրայատուկ բարբառին մասին:

Խորհրդաժողովի համակարգողն է Սեհեր Քարաթաշ:

Այս մասին կը յայտնէ «Ակունք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին