Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը Ամանորի Եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներու Առթիւ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Պատմութեան գիրկը անցաւ 2016 թուականը, որ մեր անկախութեան վերականգնման քսանհինգ ամեակի տարին էր: Այն իսկապէս իրադարձութիւններով եւ փորձութիւններով լի ժամանակաշրջան էր:

Ապրիլին տեղի ունեցաւ քառօրեայ պատերազմը: Մարտի դաշտին վրայ մեր ժողովուրդը կրկին ապացուցեց, որ իր հաւաքական ուժը անկոտրում է, հայրենիքը պաշտպանելու կամքը՝ անսասան: Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութիւնը նենգ ու դաւադիր յարձակումներէն ընկրկելու չէ: Բոլոր փորձութիւններէն մենք դուրս  պիտի գանք աւելի ամրացած:

Թո՛ղ մեր յիշողութեան մեջ 2016 թուականը մնայ որպէս ազգային համախմբման տարի: Անցնող տարուան ընթացքին մենք  մեզ եւ ողջ աշխարհին եւս մեկ անգամ ապացուցեցինք, թէ ինչ ըսել է ազգային ոգի, ազատութեան եւ հայրենիքի համար պայքարելու կամք:

Այսպիսի ազգային համաձայնութեամբ կը թեւակոխենք մեր անկախ պետականութեան երկրորդ քսանհինգ ամեակը: Մեր անկախութեան առաջին շրջանը պատերազմ եւ դժուարութիւններ դիմագրաւելու փուլ էր: Այդ ընթացքին կերտեցինք Արցախի ազատամարտի յաղթանակը, դրինք հայոց անկախ պետութեան յարատեւութեան հիմքերը:

Ահա այստեղ է իմ լաւատեսութեան աղբիւրը: Նաեւ այստեղ է մեր վաղուան յաջողութիւններու ակունքը: Աւելի լաւ երկիր կառուցելու հաւատը եւ այն պաշտպանելու կարողութիւնը մեզ արդէն դարձուցած են աւելի ուժեղ: Ամէն շաբաթ, ամէն ամիս մենք կատարելու ենք գուցէ եւ փոքր, բայց վստահ քայլ դէպի աւելի լաւ, աւելի արժանապատիւ եւ աւելի բարեկեցիկ ապագայ:

Մենք Նոր Տարի կը մտնենք մեր ուժերէն վստահ: Գալիք 25 տարիները ըլլալու են վերելքի՝ աւելի ուժեղ եւ աւելի բարեկեցիկ Հայաստան կերտելու շրջան: Ճիշդ այդ ոգիով մենք ամէն օր առաջ  երթալու ենք բոլորիս համար տեսանելի եւ շօշափելի փոփոխութիւններ իրականացնելու ճանապարհով:

Նոր Տարի կը մտնենք լուրջ եւ իրատեսական ծրագիրներով: Հետեւողական եւ լայնածաւալ փոփոխութիւններու դրական արդիւնքները թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ այլ ոլորտներու մէջ մօտ ապագային զգալու ենք բոլորս: Կը հաւատամ, որ նոր կառավարութիւնը այդ պիտի յաջողի, եւ այդ պիտի ըլլայ բոլորիս յաջողութիւնը:

Եկող տարին վճռորոշ պիտի ըլլայ  քանի մը առումներով: 2017 թուականի գարնան կայանալու են Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Մեր հասարակութիւնը միասնաբար կրնայ կազմակերպել այնպիսի քաղաքական գործընթաց, որուն կը վստահի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ: Մեզի անհրաժեշտ են այնպիսի ընտրութիւններ, որպէսզի մեր պետութեան նաւը խուսափի անցեալին յայտնի ստորջրեայ խութերուն բախումէն:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ամանորի տօնական սեղաններու շուրջ բոլորս բաժակ կը բարձրացնենք հայոց բանակի համար, այն մարդոց համար, որոնք այս պահուն կ՛ապահովեն մեր խաղաղութիւնը: Նաեւ կ՛ոգեկոչենք 2016 թուականին ու անկէ առաջ եւ յետոյ անմահացած զինուորներու եւ սպաներու յիշատակը: Մենք ուժ կը մաղթենք անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:

Նաեւ կ՛առաջարկեմ բաժակ բարձրացնել մեր նոր սերունդին, մեր երեխաներուն համար: Անոնք անկախութեան սերունդն են, որ անառիկ կը պահեն մեր սահմանները: Անոնց շնորհիւ եռագոյնը կի փողփողի օղիմպիական խաղերուն: Այս սերունդի ներկայացուցիչները համաշխարհային դպրոցական առարկայական օղիմպիականներէն կը վերադառնան տասնեակ մետալներով: Անոնց ստեղծագործական միտքը կը բանայ աշխարհի ամենաճանչցուած մշակութային եւ գիտական օճախներու դռները:

Անոնց  կրթութեան եւ աճի համար մենք ոչ մէկ միջոց  խնայելու ենք: Իմ հաստատ համոզմամբ՝ ճիշդ այս կերպ  ստեղծելու ենք բազմապատիկ աւելի լաւ Հայաստան, քան այժմ ունինք:

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Նոր՝ 2017 թուականին կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն երջանկութիւն, խաղաղութիւն եւ սէր: Շնորհաւո՛ր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին