*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Որքան ալ կարճ կամ երկար ըլլայ խօսք մը, կը սկսի առաջին բառէն, որքան ալ կարճ կամ երկար ըլլայ ճամբան, կը սկսի առաջին քայլէն, սակայն, ո՞ւր կը հասնի քալողը, եւ մինչեւ ե՞րբ, ո՞վ գիտէ: Մարդիկ կատարուած եւ կատարուող երեւոյթները կրցած են հաշուել, չափել, քննել բնութեան շարժումները եւ զանոնք գրառել ինչպէս որ են. անոնցմէ է արեւուն շուրջ մեր երկիր մոլորակին դարձած օրերը, որ 365 օր եւ 6 ժամը անգամ մը կը բոլորէ ու կ’անուանուի տարի: Շատ ժողովուրդներ, որոնք հասած են զարգացման մակարդակի մը՝ ունեցած են օրացոյց եւ անշուշտ տարեսկիզբ իբրեւ մեկնակէտ, մինչդեռ որեւէ օրէ կրնայ սկսիլ այդ: Այդ պատճառաւ ժողովուրդներ տարբեր օրացոյցներու կը հետեւին տարուան օրերուն համար, սակայն կայ նաեւ լուսնային տարին որ մահմետականներ որդեգրած են. հոն օրերու թիւը կը նուազի (364 արեգակնային օր):
Թէ ի՛նչն է պատճառը տարեսկիզբի աւանդական դարձած տօնախմբութիւններու, կերուխումի, տակաւին ինծի համար հարց է. ուրկէ՞ եկած է այդ սովորութիւնը որ տակաւին կը շարունակուի, ու կը զուգադիպի ձմրան (օրացոյցային դասաւորում), մինչդեռ հին հայկական Նոր Տարին գարնանամուտ էր, ինչ որ իմաստ մը կը զգենու, իբրեւ բնութեան զարթօնքին հետ արբենալու, ինքնախօսութիւն կատարելու, թօթափելով ցուրտը բարդ՝ գալուստ մաղթելով բացուող արեւուն ու գալիքի ծաղկումին. արդարեւ ամէն վայրկեան «երթաս բարով» մըն է, եւ «բարի գաս»-ի մաղթանք գալիք օրերու հաշւոյն:
Ամէն ոք իր սրտի խորէն… եւ կը սկսի ցաւատանջ երթը: Այս երկրագունդը որ կը ծանրանայ իր մարդկային թուաքանակով, կ’աճի ատելութեամբ, հուսկ՝ պատերազմներով, եւ խաբուսիկ խօսքերու նոյնիսկ հաւաքականութիւններ, խմբակցութիւններ լոզունգներու մարդկայնականութիւն, ազատոթիւն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն եւ շարքը երկար է, յուսադրելու երկրի բնակիչները իրենց ամբողջութեան մէջ:
- Բանտերը կը լենան քաղաքական եւ այլ բանտարկեալներով:
- Փողոցները կը վխտան սովածներով:
- Հիւանդանոցներ ռազմէն վիրաորներ կ’ընդունին…եթէ տեղ գոյ է…
- Կեանքեր կը մարուին աւելի արագ փչոց մը տրուած մոմի մը…
- «Մեր մեռելները կ’ըսեն հողին տակէն, երեսէն (Վ. Թէքէեան) կը յիշես:
Եկուր ըսենք նոր տարիին, (թէեւ մեզմէ անկախ է ան), բայց ի՞նչ ըսենք, ի՞նչ կրնանք ըսել: Խրախճանքո՞վ-մարդկային հնարք, խեղդել փորձելու անցեալի ցաւերը, յոյսո՞վ լեցնելու պարպուած գաւաթները գինիի, հակառակ երէկի փորձութեանց, կամ՝ Շանդոր Պետեւիի պէս ըսել, գէթ մի քանի ժամուան համար. «Աշխարհն այնպէս չի ընթանում ինչպէս ես եմ ուզում: Թող այդպէս լինի, բերէք ինձ գինի»: Ան ալ այդպէս:
Բայց ի՜նչ կրնայ ըլլալ արդեօք Տարին, երբ Մարդն է հին…
Ալ յոգնած եմ խաբկանքի ենթարկելէ իմ հոգիս, թէ օր մը գալիք դարերու մէջ…պիտի գայ «ՕՐԸ ՎԵՐՋԱՊԷՍ»: (Վ.Թէքէեան)