Հայկական ստորաբաժանումները իրականացուցած են պատժիչ գործողութիւններ, որոնց արդիւնքով հակառակորդը ունեցած է եւս 4 կորուստ: Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Այս գիշեր տեղի ունեցած է երէկ ազրպէյճանական սադրանքի տրամաբանական զարգացումը. հայկական ստորաբաժանումները իրականացուցած են պատժիչ գործողութիւններ, որոնց արդիւնքով հակառակորդը ունեցած է եւս 4 կորուստ: Կը յիշեցնեմ, որ Դեկտեմբեր 29-ի առաւօտեան, Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղէն հարաւ-արեւելք տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը նախաձեռնած էր ներթափանցման փորձի, որուն հետեւանքով ունեցած էր 7 զոհ: Փաստացի` հակառակորդին արկածախնդրութեան, երկու օրուան ընթացքին, զոհ գացած է աւելի քան մէկ տասնեակ ազրպէյճանցի զինուորական», – ըսած է մամուլի խօսնակը: