*ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՏԷՎԼԷԹԵԱՆ*
Դեկտեմբեր 18-ին աւանդական շուքով տօնուեցաւ Լիոնի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ մատաղօրհնութիւնը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ։ Թաղեցիներ, համակիրներ, համայնքային ներկայացուցիչներ մէկտեղուեցան եկեղեցւոյս կամարներուն ներքեւ։
Ս. պատարագը մատոյց Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեան։ Ս. սեղանին կը սպասարկէին Տէր Իսահակ ա. քհնյ. Հէքիմեան, սարկաւագաց դասը եւ դպիրներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյս «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ Պրն. Յովհաննէս Պէրպէրեանի, ընկերակցութեամբ՝ երգէոնահար Օրդ. Կարինէ Գէորգեանի։
Պատարագիչ Ս. Հայրը իր քարոզին մէջ խօսելով հաւատքի մասին բացատրեց հայ եկեղեցւոյ դերը հայապահպանման մարզին մէջ։
Յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյս ծառայող հանգուցեալ հոգեւորականներու, բարերարներու եւ սատարողներու հոգիներուն համար։
Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնութիւնը Ս. խորանին վրայ։
Ս. պատարագէն յետոյ «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ժողովրդական ճաշ մը, որուն նախագահեց Սրբազան Հայրը։ Ներկայ էին նաեւ Հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան, նորընծայ արժանապատիւ տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Լիոնի փոխհիւպատոսուհի Տիկ. Լուսինէ Մովսիսեան, ծխական խորհուրդի ատենապետ Պրն. Ժան-Ժագ Օսմանճեան, Շարվիէօ – Փոն-տը-Շէրիւիի ծխական խորհուրդի ատենապետ Պրն. Յակոբ Շիրվանեան, եկեղեցւոյս ծխական խորհուրդի անդամները, հոգաբարձութեան կազմը, սարկաւագաց դասը եւ «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամները։
Ճաշէն առաջ Վահան Սրբազանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւնը՝ հոգեւոր հովիւ Իսահակ քահանայի եւ ծխական խորհուրդի առաջարկով չորս լիոնահայերու իրենց ազգանուէր ծառայութեան համար։
Արարողութիւնը սկսաւ նախագահ Պրն. Ժան-Ժագ Օսմանճեանի բարի գալստեան խօսքով, որ արտայայտուեցաւ ֆրանսերէնով, կենսագրականը ըրաւ չորս մեծարեալներուն անդրադառնալով իրենց վաստակին եւ գործունէութեան։ Պատուոյ գիրերը կարդաց Իսահակ քահանայ։
Քահանային յաջորդեց Վահան Սրբազան, մեծարեալներուն շնորհելով «Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանները։
Այսպէս շքանշան ստացան Տիկ. Անահիտ Պահատուրեան՝ բազմավաստակ ուսուցչուհի երբեմնի Լիոնի Հայկազեան վարժարանի, նաեւ անդամուհի լիոնահայ տիկնանց միութեան։
Պրն. Յովհաննէս Տէրմէքտեան՝ երկար տարիներու գանձապահ եկեղեցւոյս ծխական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի կեդրոնական շրջանի։
Ժագ Սոկոնեան՝ եկեղեցւոյս եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներէն մին։
Աւետիս Տօնապետեան՝ ազգային սկաուտական շարժման հիմնադիր, կեդրոնական մարմնի անդամ եւ շրջանային ակաուտական միութեան ատենապետ։
Ապա մեծարեալները իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին, շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ Սրբազանին, Իսահակ քահանային եւ Պրն. Ժան-Ժագ Օսմանճեանին։
Այնուհետեւ, արտասանեցին Մարգարեան-Փափազեան վարժարանի աշակերտները։
Օրուան հաճելի անակնկալն էր Սրբազան հօր դաշնակ նուագելը, որուն յաջորդեց սարկաւագներու երգը եւ Վազգէն սրկ. Էսքիճեանի արտասանութիւնը։
Այս տարի եւս, շնորհիւ նուիրատուներու, եւ լիոնահայ տիկնանց միութեան եւ կապոյտ խաչուհիներու յօժար ու ժրաջան աշխատանքներուն՝ պատրաստուած էին համադամներ։
Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ ուշ ատեն, ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Ներկաները գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները։