Հալէպահայ երիտասարդ ուսուցչուհի Սերա Շահինեան-Գարակալէյեան Հայաստան հաստատուած է ամուսինին եւ երկուորեակ զաւակներուն հետ: Երեւանի մէջ ան հանրակրթական դպրոցի մէջ կ’աշխատի, իսկ ամուսինը արծաթագործութեամբ կը զբաղի:
2008-ին, երբ Սուրիոյ մէջ դեռ ամէն բան խաղաղ էր, Սերան Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով Երեւանի մէջ կը մասնակցէր սփիւռքահայ ուսուցիչներու մէկամսեայ վերապատրաստման ծրագիրին, այսօր ամուսինին ստեղծած աշխատանքները կը ներկայացնէ նախարարութեան կազմակերպած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին: