Ազրպէյճանական զինուած ուժերը կորսնցուցած են եւս մէկ զինծառայող: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Աւելի առաջ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած էր, որ հայկական ուժերու պատժիչ գործողութիւններու արդիւնքով ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրած են չորս կորուստ: