Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Պէտք Չէ Մոռնանք ԶԱստուած Ու Պէտք Չէ Մոռնանք Մեզի Եկող Մեր Փրկիչը…

Կանգնած նոր տարուան սեմին, երախտագիտութեամբ մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Աստուծոյ, որ ահաւասիկ, անցնող տարեշրջանին եւս մեզ բոլորս պահեց ու պաշտպանեց տեսակաւոր վտանգներէ ու փորձութիւններէ եւ առիթ ընծայեց, որ Սուրբ ծննդեան հոգեպարար մթնոլորտի մէջ, մենք կարենանք դարձեալ դիմաւորել մեզի եկող մարդացեալ Փրկիչը։

Այսօր, Տիրոջ փառքը դարձեալ կը ծագի մեր երկնակամարին վրայ, սակայն մեր կեանքէն ներս տեղ ու ժամանակ ունի՞նք արդեօք մեզի եկող Փրկիչին համար։

Ղուկասու Աւետարանին մէջ հետեւեալ բառերով կը պատմուի Ս. Ծննդեան հրաշալիքը.-

«Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը‚ զոր փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ‚ որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար: Այնտեղ‚ դաշտերուն մէջ հովիւներ կային‚ որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ’ընէին: Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ»:

Ղուկաս 2։7-9

Անկասկած, տօնական մթնոլորտի մէջ, կեանքը պահ մը աւելի քաղցր ու հմայիչ կը թուի մեզի սակայն իրողութիւնն այն է, որ այսօր ալ Ս. ծննդեան դէպքէն դարեր ետք եւս, մենք ոչ միայն չենք յաջողիր պատշաճօրէն դիմաւորել մեզի եկող Փրկիչը, այլեւ, մեզի եկող Փրկիչն ալ կը դժուարանայ իջեւանելիք տեղ մը գտնել մեր սրտերուն մէջ։ Այո՛, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի երեկոյեան, Տիրոջ փառքը դարձեալ կը ծագի աշխարհին վրայ, սակայն, մերօրեայ կերուխումի ու խրախճանքներու ժխորին մէջ, մոռցուած է աշխարհ եկող Փրկիչը ու Սուրբ ծննդեան խորհուրդը փոխարինուած է այնպիսի աշխարհիկ սովորոյթներով, որոնք հոգեւոր արժէքներու խաւար ստեղծած են մեր հոգիներուն մէջ եւ մեծաւ մասամբ մեզ պարպած Աստուծոյ կեանքէն ու շնորհքէն։

Վստահաբար, ժամանակին հետ եկող նորարարութիւնները, նոր ճաշակ, նոր գաղափարներ, նոր տեսութիւններ ու շատ բան կու տան սակայն, յիշենք, որ այդ բոլորը ոչ Փրկիչ եւ ոչ ալ փրկութիւն կրնան բերել մեզի։ Ահաւասիկ, գիտական բացառիկ նուաճումներով ու տեսակաւոր նորութիւններով յատկանշուող մեր դարաշրջանը, պարտէր ըլլալ ուրախութեան եւ երջանկութեան ժամանակաշրջան. այլ սակայն, հակառակ մեր ընկերութեան ձեռք բերած բոլոր իրագործումներուն, այսօր, ամբողջ աշխարհը անձկութեան ու տառապանքի մէջ է, որովհետեւ մեծաւ մասամբ, մենք պարպուած ենք Աստուծոյ կեանքէն ու հաւատքէն։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Կեանքի յառաջդիմութիւն, գիտական նուաճումներ ու նոր տեսութիւններ ժամանակին հետ պիտի գան ու երթան եւ այդ բոլորը մենք պիտի ապրինք. սակայն  այդ բոլորին դիմաց պէտք չէ մոռնանք զԱստուած, պէտք չէ մոռնանք մեր Փրկիչը, որ ներկայ պէտք է գտնուին մեր առօրեայէն ներս ու իրենց մնայուն տեղը ունենան մեր հոգիներուն մէջ։ Այսպիսով միայն մենք կրնանք աշխարհի անցուդարձերուն մէջ իմաստութեամբ զանազանել չարն ու բարին, զատորոշել ճշմարիտն ու նենգը եւ քալել դէպի լուսաւոր հորիզոններ։

Յիշենք, որ մեր Փրկիչը ինք կու գայ մեզի, ինք կը փնտռէ մեզ, ինք թանկագին կը համարէ մեր հոգին եւ ինք կը ջանայ բնակիլ մեր մէջ։ Եւ հոն ուր ինք ներկայ է, հոն սէր, ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն կը տիրէ. հոն թախիծը ժպիտի կը փոխուի, հոն նոր եւ կենսալից կեանք մը սկիզբ կ՛առնէ։ Հոն ուր իջեւան գտնէ Միածինը` հոգիներուն մէջ իջած խաւարը կը փարատի եւ մեռելութիւնը կեանքի կը փոխուի։ Ան կը ծնի մեզի համար, մեր մէջ ապրելու ցանկութեամբ, որպէսզի մենք ալ յաւիտեանս ապրինք իրեն հետ։

Մեր հոգիներուն մէջ ընդունինք մեզի եկող Փրկիչը, որպէսզի սրբութիւն ու տեւող երջանկութիւն հաստատուի մեր կեանքէն ներս։ Այլապէս, առանց մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներկայութեան, առանց բարոյական եւ հոգեւոր ապրումի գիտակցութեան, սայթաքումի ենթակայ արարածներ ենք եւ մեզի հետ, անկումի կ՛առաջնորդենք նաեւ մեր ընկերութեան կեանքը։

Օթեւան ըլլանք իրեն, որպէսզի մարդացեալ Աստուածը ճշմարտապէս գահակալէ մեր հոգիներուն, այլակերպէ մեր նկարագիրը եւ պայծառակերպէ մեր կեանքին ընթացքն ու նկարագիրը։ Աստուծոյ Հոգիին բնակարանը ըլլանք, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի խաղաղութեամբ եւ երկրի վրայ պահենք Աստուծոյ շունչն ու հոգին։

Ամանորի ու Սուրբ ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցող Աստուծոյ ու մարդուն հանդիպումէն, շնորհք, սրբութիւն եւ խաղաղութիւն ծնի մեր հոգիներուն ու մեր սրտերուն մէջ կեանքէն ներս։

Տօնական այս առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ մեր աղօթքը առ Աստուած ուղղելով կը խնդրենք, որ վերջ գտնեն մեր ընկերութիւնը ալեկոծող դժուարութիւններն ու խռովութիւնները ու խաղաղութեան հրաշքը դարձեալ կեանք առնէ մեր աշխարհինէն ներս վրայ։

Թող Աստուծոյ շունչը առատօրէն թափանցէ բոլորի սրտերուն մէջ, աստուածային բարիքներ պտղաբերին մեր առօրեայէն ներս ու մեր աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի սերունդէ սերունդ մենք կարողանանք ըլլալ հաւատք, ներշնչում եւ խոյանք ունեցող ազգ, որ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքի դարաւոր խարիսխին վրայ՝ սրբութեամբ ու հաւատարմութեամբ կը վարէ իր կեանքը ու կը պահպանէ իր գոյութիւնը։

Աղօթարար`

Շահէ Եպս. Փանոսեան
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին