Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Յունուարը Դեկտեմբերի Համեմատ Պիտի Ըլլայ Աւելի Տաք, Սակայն՝ Տեղումնառատ. Գագիկ Սուրէնեան

ԱԻՆ օդերեւութաբանական ծառայութեան կեդրոնի պետի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեան այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին յայտնած է, որ Դեկտեմբեր 29-ին, 30-ին, 31-ին հանրապետութեան մէջ կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

«Արարատեան դաշտի, Շիրակի, Կոտայքի հատուածին եւ Վայոց Ձորի նախալեռնային գօտիներուն, Արագածոտնի նախալեռնային գօտիներուն մէջ պիտի պահպանուի նաեւ մառախուղը, որ խիտ պիտի ըլլայ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերուն, որուն հետեւանքով ճանապարհներուն պիտի առաջանայ մերկասառոյց»,- ըսած է ան:

Անոր խօսքով` օդի ջերմաստիճանը այս երեք օրերուն էապէս պիտի չփոխուի, իսկ Յունուար 1-ի գիշերը, Միջերկրական Ծովու շրջաններէն շատ թոյլ արտայայտուած հոսանք կը մօտենայ հանրապետութեան տարածք եւ Յունուար 1-ին եւ 2-ին պիտի գտնուինք այդ թոյլ արտայայտուած հոսանքի ազդեցութեան գօտիին տակ: Յունուար 1-ին եւ 2-ին հանրապետութեան մէջ պիտի ամպոտի եւ յատկապէս Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Երեւանի եւ Արարատի, Արմաւիրի եւ Վայոց Ձորի մէջ կը սպասուի թոյլ ձիւն»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով Յունուարի կանխատեսման` Գագիկ Սուրէնեանը նշած է, որ Յունուարը Դեկտեմբերի համեմատ աւելի տաք պիտի ըլլայ: «Սակայն, ատիկա չի նշանակեր, որ ջերմ գարնանային եղանակներ կը սպասուին: Յունուարին նոյնպէս վայր ի վերումները շատ մեծ պիտի ըլլան»,- ըսած է ան եւ նշած, որ պիտի ունենանք ցուրտ ներխուժումներ, բայց պիտի գտնուինք նաեւ արեւադարձային տաք հոսանքներու ազդեցութեան ներքոյ:

Ան յայտնած է, որ Յունուարը տեղումնառատ պիտի ըլլայ եւ տեղումներու ցուցանշային սահմանները աւելի պիտի ըլլան` ինչպէս Դեկտեմբերը, առաւելագոյն ջերմաստիճանը Երեւանի մէջ կը կանխատեսուի +4 – +5 աստիճան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին