ՀՀ Տաւուշի մարզի` Չինարի գիւղէն դէպի հարաւ-արեւելք պետական սահմանի հատուածին մէջ Դեկտեմբեր 29-ի վաղ առաւօտեան ազրպէյճանական զօրքերը ձեռնարկած են հետախուզական-ներթափանցման փորձ:
Ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները չէզոքացուցած են ազրպէյճանական զօրքերուն նախայարձակ գործողութիւնները, հակառակորդը ետ շպրտուած է, տալով զոհեր ու վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ` մեր մարտական դիրքերու հատուածին մէջ:
«Ցաւօք, մարտական գործողութիւններուն ժամանակ հայկական կողմը եւս կրած է կորուստներ: ՀՀ պետական սահմանի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին զոհուած են աւագ հարիւրապետ Շաւարշ Մելիքսէթի Մելիքեանը, շարքայիններ Էտկար Գրիգորի Նարայեանը եւ Էրիկ Գարիկի Աբովեանը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհուածներու հարազատներուն:
«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տիրապետէ ազրպէյճանական կողմէն Հայաստանի պետական սահմանը խախտելու անհերքելի ապացոյցներուն: Տեղի ունեցած սադրանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:






