Այս պահուն իրավիճակը հայ-ազրպէյճանական սահմանին հանդարտ է, հակառակորդը կրած է մինչեւ 7 զինծառայողի կորուստ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Հայաստանի Զինուած ուժերուն կողմէ կ՛իրականցուին որոնողական-մաքրման աշխատանքներ: ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ վիրաւորներ չկան»,- յայտնած է ան:
Աւելի առաջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, հակառակորդը ետ շպրտուած է, տալով զոհեր ու վիրաւորներ. «ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տիրապետէ ազրպէյճանական կողմէ ՀՀ պետական սահմանը խախտելու անհերքելի ապացոյցներու: Տեղի ունեցած սադրանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»: