Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Հայկազուն Ալվրցեանի «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները» Գիրքը

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած է «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. արդի հիմնախնդիրները» գիրքը: Աշխատութեան հեղինակն է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան, իսկ պատասխանատու խմբագիրը` նոյն կեդրոնի թրքերէն բաժինի պատասխանատու, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ` գիրքին մէջ կը ներկայացուին Համշէնի եւ համշէնահայութեան համառօտ պատմութիւնը եւ արդի հիմնախնդիրները, որոնք կրնան հետաքրքրել ինչպէս մասնագէտները, այնպէս ալ` ընթերցողներու լայն շրջանակ: Ուսումնասիրութեան մէջ առանձին գլուխներով ներկայացուած են Համշէնի իշխանութեան ձեւաւորումն ու վերելքը, Օսմանեան կայսրութեան իսլամացման քաղաքականութիւնն ու Համշէնի պայքարը ինքնութեան պահպանման համար 15-19-րդ դարերուն, համշէնահայերու դրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, համշէնահայկական համայնքներու ձեւաւորումը Ռուսական կայսրութեան մէջ եւ անոնց յետագայ վիճակը Խորհրդային Միութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` տեղեկութիւններ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ կրօնափոխ համշէնցիներու մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին