Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ԵՄ-Հայաստան. Գործակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Առաջընթացը

*ԹԱԼԱԼ ԽՐԱՅՍ*

Արեւմտեան երկիրներու հետ պատմական, մշակութային եւ տնտեսական կապերը, 1700–ամեայ քրիստոնեութիւնը, Իտալիայի, Ֆրանսիայի, Միացեալ նահանգներու, Գանատայի մէջ գոյութիւն ունեցող մեծ Սփիւռքը, Հայաստանը կը դարձնեն երկիրը մը, որ Արեւմուտքի հանդէպ պատկանելիութեան ուժեղ զգացողութիւն ունի, անով հանդերձ՝ չթոյլցնելով իր բարեկամական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ:

Հայաստանը բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունի հարեւան Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնց սահմանները միակն են Հայաստանի համար դէպի արտաքին աշխարհ, քանզի միւս երկու սահմանները՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ, փակ են:

Հայաստանը չունի դիւանագիտական յարաբերութիււններ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ՝ Արցախի հանրապետութեան շուրջ էթնիկ հակամարտութեամբ պայմանաւորուած: 1994 թուականին կնքուած է զինադադար՝ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի հանրապետութեան միջեւ կնքուած պայմանագիրով:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարբերաբար կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու Եւրոմիութեան հետ յարաբերություններու ամրապնդումը: Պրիւսելն ու Երեւանը վերսկսած են բանակցութիւններու շարքը 2015 թուականի  վերջաւորութեան՝ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման պայմանագիրի շրջանակի մէջ:

ԵՄ-ն  եւ Հայաստան էական առաջխաղացում արձանագրած են փոխգործակցութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու մէջ, որու մասին ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը՝ Եւրոմիութեան առեւտուրի գիծով յանձնակատար Սեսիլիա Մալմստրեմի հետ բանակցութիւններու ժամանակ: Նախարար Կարայեանը նշած է, որ օրերս Պրիւսէլի մէջ կայացած բանակցություններու 5-րդ փուլի ընթացքին՝ հնարաւոր դարձած է արձանագրել էական առաջընթաց առեւտուրի եւ ներդրումներու պայմանագիրին շուրջ եւ մօտ ապագային արդէն տեսանելի կ՛ըլլայ բանակցութիւններու աւարտը:

Իտալիան եւ Հայաստանը պէտք է օգտագործեն հնարաւորութիւնը՝ առեւտուրի, քաղաքական, մշակութային ոլորտներու մէջ նախագիծեր իրականացնելու ուղղութեամբ: Վենետոյի շրջանը զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ կ՛իրականացուի զարգացման ծրագիրներ՝ իտալացի այցելուներու ներհոսքը հայկական քաղաքներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի հայկական մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններ ապահովելու համար , յատկապէս՝ Իտալիոյ մէջ գտնուող Սբ. Ղազար կղզի:

Հայաստանի երիտասարդ հանրապետութեան եւ մնացեալ աշխարհի միջեւ յարաբերութիւնները մշտապէս առաջ կ՛ընթանան: Շատ երկիրներու կողմէն ցուցաբերուող համերաշխութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կապակցութեամբ, հնարաւորութիւն տուաւ բարձրացնելու իրազեկուածութեան այս փոքր միայն աշխարհագրօրէն փոքր/ երկրի նկատմամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին