Ռուսիոյ Դաշնութեան հիւսիսային մայրաքաղաք Ս․Փեթերզպուրկի մէջ կայացած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը, որուն Ղազախիստանի, Խրխզիստանի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի նախագահներուն հետ միասին մասնակցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան ու մամուլի միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, Կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Պելառուսիոյ նախագահի բացակայութեան եւ ատոր համար քուէարկում չըլլալու պատճառով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը յետաձգուած է մինչեւ յաջորդ տարուայ Ապրիլին կայանալիք կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդ նստաշրջան:






