Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

ԵՊՀ Ուսանողները Ամանորեայ Նուէրներ Կը Մատուցեն Արցախի Ու Տաւուշի Սահմանամերձ Գիւղերու 2000 Մանուկներու

ԵՊՀ ուսանողական կառոյցներու բարեգործական հերթական ծրագիրը կ’իրականացուի Ամանորի շեմին: Սահմանամերձ գիւղերու աւելի քան 2.000 մանուկներ կը ստանան ամանորեայ նուէրներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ԵՊՀ-ի ֆէյսպուքեան (facebook) էջէն:

Աւանդաբար ԵՊՀ ուսանողական կազմակերպութիւններն իրենց անդամներուն եւ աշխոյժ մասնակիցներուն համար կը կազմակերպեն ամանորեայ տօնական երեկոյթներ, սակայն այս տարի ԵՊՀ ուսանողական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկման արդիւնքով որոշուած է ձեռնպահ մնալ ամանորեայ տօնակատարութիւններու կազմակերպումէն եւ համապատասխան միջոցները յատկացնել Քարվաճառի, Շահումեանի շրջանի գիւղերու, Թալիշի, Մարտակերտի, Մատաղիսի, Տօնաշէնի, ինչպէս նաեւ Տաւուշի սահմանամերձ  շարք մը գիւղերու մանուկներուն:

Սահմանամերձ գիւղերու աւելի քան 2.000 մանուկներու համար Մայր համալսարանի ուսանողները պատրաստած են ամանորեայ նուէր-պարկեր, ինչպէս նաեւ կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներ: Բարեգործական եռօրեայ ծրագիրը մեկնարկած է Դեկտեմբեր 24-ին:

Արցախեան այցի առաջին օրը` Դեկտեմբեր 24-ին, ուսանողները հանդիպած են Քարվաճառի եւ Թալիշի երեխաներուն հետ, յաջորդ օրը այցելած են Մարտակերտ եւ Մատաղիս, իսկ երրորդ օրը` Դեկտեմբեր 26-ին, Շահումեանի շրջանի շարք մը գիւղեր: Արցախեան այցէն ետք  համալսարանականները Դեկտեմբեր 29-ին նմանօրինակ ծրագիրով պիտի այցելեն Տաւուշի մարզի  շարք մը սահմանամերձ գիւղեր:

Աշխատանքներն արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով ձեւաւորուած է շուրջ 50 հոգինոց ուսանողական յանձնախումբ: Անոնցմէ մաս մը կը կազմակերպէ եւ կը վարէ մշակութային ձեռնարկները, իսկ միւսները` ներգրաւուած կ’ըլլան կազմակերպչական աշխատանքներու իրականացման գործընթացին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին