Դեկտեմբեր 22-ին, Լիբանանի մէջ, ՀՀ դեսպանութեան եւ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցի համատեղ կազմակերպութեամբ՝ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան առիթով կազմակերպուած Լիբանանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին համերգը։:
Համերգին ներկայ եղած են Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, Լիբանանի խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին պատգամաւորներ, քաղաքական, դատական եւ ռազմական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային կառոյցներու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկած է Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ դրուատանքի խօսքեր յղած է Լիբանանի ազգային երաժշտանոցին եւ անոր տնօրէն Ուալիտ Մուսալլամին, ինչպէս նաեւ մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանին` ՀՀ դեսպանութեան հետ երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:
Դեսպանը ընդգծած է համերգի կարեւորութիւնը՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ եւ յոյս յայտնած, որ նմանատիպ ձեռնարկները եկող տարի պիտի կրեն պարբերական բնոյթ:
Համերգին մասնակցած է նաեւ Հայաստանէն յատուկ ժամանած տաղանդաւոր ջութակահարուհի, շարք մը միջազգային փառատօններու դափնեկիր Տիանա Ադամեան, որ ներկայացուցած է Քամիլ Սեն-Սանսի, Արամ Խաչատրեանի եւ Ֆրից Գրէյսլըրի ստեղծագործութիւնները:
Նուագախումբը կը ղեկավարէր Լիբանանի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեան: