Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Սերժ Սարգսեան Մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նստաշրջանին

Ռուսիոյ Դաշնութեան հիւսիսային մայրաքաղաք Ս․Փեթերզպուրկի մէջ  կայացած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)  Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը, որուն Ղազախիստանի, Խրխզիստանի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի նախագահներուն հետ միասին մասնակցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան ու մամուլի միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, Կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Պելառուսիոյ նախագահի բացակայութեան եւ ատոր համար քուէարկում չըլլալու պատճառով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը յետաձգուած է մինչեւ յաջորդ տարուայ Ապրիլին կայանալիք կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յաջորդ նստաշրջան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին