Դեկտեմբեր 26-ի լոյս 27-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է մօտ 70 անգամ:
Հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է մօտ 850 կրակոց:
Հարաւային ուղղութեամբ (Հատրութ) ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 մմ-ոց ականանետ (1 արկ):
ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանած են խիստ անհրաժեշտութեան պարագային, կը հաղորդէ ՊԲ մամլոյ վարչութիւնը:






