ԵՊՀ ուսանողական կառոյցներու բարեգործական հերթական ծրագիրը կ’իրականացուի Ամանորի շեմին: Սահմանամերձ գիւղերու աւելի քան 2.000 մանուկներ կը ստանան ամանորեայ նուէրներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ԵՊՀ-ի ֆէյսպուքեան (facebook) էջէն:
Աւանդաբար ԵՊՀ ուսանողական կազմակերպութիւններն իրենց անդամներուն եւ աշխոյժ մասնակիցներուն համար կը կազմակերպեն ամանորեայ տօնական երեկոյթներ, սակայն այս տարի ԵՊՀ ուսանողական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկման արդիւնքով որոշուած է ձեռնպահ մնալ ամանորեայ տօնակատարութիւններու կազմակերպումէն եւ համապատասխան միջոցները յատկացնել Քարվաճառի, Շահումեանի շրջանի գիւղերու, Թալիշի, Մարտակերտի, Մատաղիսի, Տօնաշէնի, ինչպէս նաեւ Տաւուշի սահմանամերձ շարք մը գիւղերու մանուկներուն:
Սահմանամերձ գիւղերու աւելի քան 2.000 մանուկներու համար Մայր համալսարանի ուսանողները պատրաստած են ամանորեայ նուէր-պարկեր, ինչպէս նաեւ կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներ: Բարեգործական եռօրեայ ծրագիրը մեկնարկած է Դեկտեմբեր 24-ին:
Արցախեան այցի առաջին օրը` Դեկտեմբեր 24-ին, ուսանողները հանդիպած են Քարվաճառի եւ Թալիշի երեխաներուն հետ, յաջորդ օրը այցելած են Մարտակերտ եւ Մատաղիս, իսկ երրորդ օրը` Դեկտեմբեր 26-ին, Շահումեանի շրջանի շարք մը գիւղեր: Արցախեան այցէն ետք համալսարանականները Դեկտեմբեր 29-ին նմանօրինակ ծրագիրով պիտի այցելեն Տաւուշի մարզի շարք մը սահմանամերձ գիւղեր:
Աշխատանքներն արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով ձեւաւորուած է շուրջ 50 հոգինոց ուսանողական յանձնախումբ: Անոնցմէ մաս մը կը կազմակերպէ եւ կը վարէ մշակութային ձեռնարկները, իսկ միւսները` ներգրաւուած կ’ըլլան կազմակերպչական աշխատանքներու իրականացման գործընթացին մէջ: