Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Տիարպեքիրի Կինոփառատօնին Հայոց Ցեղասպանութեան Անդրադարձող Ֆիլմեր Ցուցադրուած Են

Թուրքիոյ, Հիւսիսային Կիպրոսի եւ Իտալիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող «Ամետի կինոփառատօն»-ի (Ամետ` պատմ. Տիգրանակերտ, Տիարպեքիր-խմբ.) ծիրէն ներս նաեւ հայկական թեմայով ֆիլմեր ցուցադրուած են: Թրքական «Evrensel.net» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` այդ ֆիլմերու շարքին են բեմադրիչ Այշէ Փոլաթի հեղինակած վաւերագրական ֆիլմը, որ նկարահանուած է Վանի մէջ. կը տեղեկացնէ Ermenihaber-ը:

«Քիւրտերու, թուրքերու եւ հայերու մշակութային խորհրդանիշը հանդիսացող կատուներով յայտնի Վանը, որ այսօր քրտական նահանգ է, մինչեւ 1915 թուականը, այսինքն` տեղահանութենէն ու կոտորածներէն առաջ, հայերու պատմական հայրենիքն էր: Իսկ այսօր այստեղ մնացած են միայն կիսաւէր եկեղեցիներ եւ շատ փոքրաթիւ հայ վանեցիներ, որոնց մեծ մասը նոյնիսկ կը խուսափին իրենց հայ ըլլալուն մասին խոստովանելէն: «Օտարները» ֆիլմի թեման հայերու ողբերգութեան վերաբերեալ բանաւոր կերպով իրարու փոխանցուող պատմութիւններն են: Ֆիլմը կը տանի պատմական ողբերգութեան հետքերով եւ ցոյց կու տայ, որ անցեալը երբեք չի մահանար»,- կը գրէ աղբիւրը:

Իսկ բեմադրիչ Էքրեմ Հայտոյի «Cennetim» («Իմ դրախտս») ֆիլմը նկարահանուած է Արեւմտեան Քիւրտիստանի (Ռոժաւա) եւ Հայաստանի մէջ: Ֆիլմը կը պատմէ Ռոժաւայի Սերեքանիէ (Ռաս-ուլ-այն) քաղաքի բազմազգ բնակչութեան եւ հայ երիտասարդ Արայի մասին: Ֆիլմին մէջ շօշափուող գլխաւոր թեման ընկերութիւնը, հայրենիքի որոնումներն ու ազգամիջեան հակամարտութիւններն են:

Մանկութեան տարիներուն Արան նոյն դասարանին մէջ սորված է քիւրտ, արաբ, չեչեն եւ եզիտի տղաներու հետ: Մեծնալէ ետք անոնցմէ ամէն մէկը ճանապարհով մը գացած է, ու յաճախ մանկութեան ընկերները յայտնուած են հակադիր ճամբարներու մէջ, դարձած են թշնամիներ: Ազգամիջեան  բախումներու պատճառով Արան հարկադրուած գաղթած է Սերեքանիէէն, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր պապը 100 տարի առաջ ստիպուած եղած է գաղթելու Տիարպեքիրի Ֆարքին (Սիլվան) աւանէն եւ ապաստանիլ Սերեքանիէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին