Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կազմակերպած եւ Հայաստանի 25-ամեակին նուիրուած ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑԸ, ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս, որուն ներկայ եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարը: Հանդիսութեան ընթացքին, տիկին Յակոբեան Հայաստանի վերաբերեալ իր հարուստ գիտելիքներով նոր շունչ ու նոր կենդանութիւն ներշնչեց ներկաներուն: Միջոցառման աւարտին ան տուաւ իր հրաշունչ պատգամը, որ գնահատուեցաւ մեծապէս:
ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑԻՆ մասնակցեցան Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, իսկ հանդիսավարն էր տիկին Անժէլ Միսիսեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին իրենց հայրենաշունչ ասմունքներով երեկոն երանգաւորեցին տիկիններ՝ Թուխիկ Աւետիսեանը, Նաիրա Մինասեանը եւ երիտասարդ ասմունքող Յակոբ Զարմէնեանը:
Ձեռնարկին համադրողն էր «ԽՕՍՆԱԿ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը, որ հետեւեալ հարցադրումները ուղղեց զրոյցի մասնակիցներուն.
ա. 21 Սեպտեմբեր 2016-ին, Հայաստան նշեց իր անկախութեան 25-ամեակը: Ընդհանուր առմամբ, ազգային ու քաղաքական առումով ինչպիսի՞ կարեւորութիւն ունի անկախութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, նամանաւանդ 70 երկար տարիներ գտնուելէ ետք Խորհրդային կարգերու մէջ: Իսկ հիմա, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի տեղն ու դերը Միջազգային Ընտանիքի մէջ, ան ունի՞ լիիրաւ անդամի իրավիճակ:
բ.. Արդեօք մենք հոգեբարոյական իմաստով պատրա՞ստ էինք Սեպտեմբերի 21-ին իրականացած անկախութեան: Իսկ ի՞նչ արգելքներ ու դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք յայտարարուած անկախութեամբ: Այսօրուան դրութեամբ կրնա՞նք յայտարարել, որ արդարացուեցաւ անկախութեան գաղափարն ու գործը, թէ ունինք բացթողումներ: (Եթէ կան, թուեցէք):
գ. Անկախութիւնը շատ բնականաբար դրական երեւոյթ է մարտնչող ժողովուրդի մը ազգային իտէալներուն համար: Այսօր, եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետելու ըլլանք անցած 25 տարիներուն, կ’ուզենք հարց տալ, թէ ի՞նչ տուաւ անկախութիւնը մեզի: (Բանակ, քաղաքակրթութիւն, գիտութիւն, մշակոյթ, քաղաքաշինութիւն, եւ այլն): Աւելին, պետութիւն եւ ժողովուրդ, արդեօք կը գտնուի՞նք ակնկալուած ճիշդ մակարդակի վրայ՝ գնահատելու համար անկախութեան գաղափարը:
դ. Հայաստան եւ Արցախ գրեթէ անկախացան նոյն օրերուն: Հայկական զոյգ պետութիւններու յարաբերութիւնները անցնող 25-ամեակին ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք տեղի ունեցած աշխատանքը եւ ինչպիսի՞ հնարաւորութիւններ կը պատկերացնէք ապագային… Մէկ պետութի՞ւն, թէ անկախ իրավիճակ:
ե. Պիտի խօսինք ցաւալի երեւոյթի մը մասին… արտագաղթի մասին: Ի՞նչ են իսկական պատճառները արտագաղթին, որոնք կը մղեն ժողովուրդը, որպէսզի լքէ իր Մայր հողը: Արդեօք անգործութի՞ւնն է գլխաւոր պատճառը, թէ կան այլ երեւոյթներ: Հայրենի Իշխանութիւններ ի՞նչ միջոցներ պէտք է որդեգրեն, որպէսզի առաջքը առնուի ազգային այս աղէտին: Հիմա որ, Հայաստանէ ներս սկսած է բարենորոգումներու շրջան, կը խորհի՞ք թէ մեկնարկուած քայլը պիտի նպաստէ անոր:
զ. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան եւ Սփիւռք փոխ յարաբերութիւնները: Արդեօք անոնք բաւակա՞ն են: Գիտենք, թէ ունինք 7 միլիոննոց Սփիւռք եւ 3 միլիոննոց Հայաստան, առանց ասոր վրայ գումարելու ծպտուած ու դաւանափոխ հայերը: Արդեօք անկախութեան տարիները կրցա՞ն անհրաժեշտ մակարդակի հասցնել այդ յարաբերութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կատարած աշխատանքները ինչպէ՞ս կը գնահատէք եւ ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք նախարարութենէն:
է. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ եւ ՍՓԻՒՌՔ բռնցքուեցան եւ դարձան մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Այս միասնութեան մէջ մեծ դեր խաղցաւ լրատուական դաշտը: Վերջերս, հովանաւորութեանը տակ Սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովը, այս եւ նմանօրինակ այլ ժողովներ ու հանդիպումներ որքանով կը նպաստեն մեր դատին եւ մեր ինքնութեան:
ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպուած երեկոն, բացառիկ էր եւ պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Հանդիսութեան աւարտին, «Խօսնակ»-ի խմբագրութիւնը յիշատակի վահանակներ նուիրեց ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԶՐՈՅՑԻ մասնակիցներուն: Իսկ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի փոխ ատենապետ եւ երկար տարիներ Միութեան Կրթական Յանձնախումբի ատենապետութիւնը վարած տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը, իր միութենանուէր ու ազգօգուտ ծառայութեան համար:
Ներկաներ մեծապէս գնահատեցին իրականացած նախաձեռնութիւնը: