Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Նորելուկ Կաղանդ Պապան

Գիտենք, որ երեխաներ ամենուրէք անձկութեամբ կը սպասեն տարուան վերջաւորութեան, որպէսզի տեսնեն թէ Կաղանդ Պապան ի՞նչ նուէրներ պիտի բերէ իրենց։

Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թերեւս ալ Եւրոպայի մէջ ու այլուր՝ Կաղանդ Պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը, որ կը զուգադիպի ըստ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու՝ Քրիոտոսի ծննդեան նախորդող գիշերուան։ Միջին Արեւելքի մէջ սակայն, Կաղանդ Պապան կը ժամանէ Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը՝ որ կը զուգադիպի Նոր Տարուան նախորդող գիշերուան։

Կաղանդ Պապայի պատմութեան ծագումը կը վերագրուի եկեղեցականի մը՝ Սուրբ Նիգոլաս (Saint Nicholas), որ ապրած է չորրորդ դարուն՝ Փոքր Ասիոյ (այժմու Թուրքիա) Մայրա քաղաքին մէջ։ Կ’ըսուի, թէ անոր ծնողքը մահացած են, երբ ան փոքր էր եւ իրեն թողած են մեծագումար ժառանգ մը։ Ան ազնիւ եւ մարդասէր անձ մը ըլլալով, օգնած է աղքատներուն եւ կարօտեալներուն։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գոհաբանութեան Օրուան (Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթին) յաջորդող օրն իսկ կը սկսին Կաղանդ Պապայի գալստեան յատուկ պատրաստութիւնները։

Այսպէս՝ շուկաներու (malls) մէջ, տօնածառերով շրջպատուած՝ իր դղեակին մէջ Կաղանդ Պապան կ՛ընդունի փոքրիկներ, որոնք իր ծունկին վրայ նստած կը նկարուին եւ անոր կը յայտնեն նուէրներու իրենց ակնկալութիւնները։ Անշուշտ անոնց ծնողները պարտաւոր են գնել այդ նկարներէն քանի մը տեսակներ . . . Սա Ամերիկեան «շուկայական խաբկանքի» պարզ մէկ երեւոյթն է լոկ, որուն մարդիկ կ՛ենթարկուին՝ կամայ թէ ակամայ։

Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն շուկան (mall) կը գտնուի Մինիսոթա նահանգի Պլումինկթըն քաղաքին մէջ եւ կը կոչուի Mall of America, որ հիմուած է 1992 թուականին։ Ան ունի 400 խանութներ, 12,000 պաշտօնեաներ եւ անոր տարեկան այցելուներուն թիւը կը հասնի 35-40 միլիոնի։

Այդ շուկան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով վարձած է սեւամորթ ամերիկացի մը՝ (տես նկարը) որպէս Կաղանդ Պապա . . . Կրնա՞ք երեւակայել այդ արարքին ստեղծած հակամարտութիւնը։ Պէտք է աւելցնել, որ այս «Նորելուկ Կաղանդ Պապան»՝ Լէրի Ճէֆըրսըն անունով, Միացեալ Նահանգներու  բանակէն վեթերան մըն է, որ 17 տարիէ ի վեր կը գործէ, իբրեւ արհեստավարժ Կաղանդ Պապա, ուրիշ շուկաներու մէջ։

Իսկ ի՞նչ է պատգամը նորելուկ այս կաղանդ Պապային՝ որ ընտրուած է հարիւրաւոր թեկնածուներու մէջէն։ Ան կ՛ուզէ սփռել Յոյս, Սէր եւ Խաղաղութիւն՝ բոլոր մանուկներուն։

Պուպրիկներու Պատմութիւնը

Գիտենք, որ փոքր աղջիկներու նախընտրած խաղալիքը պուպրիկն է, իսկ փոքր մանչերունը՝ ինքնաշարժը։ Սա կարծես բնութեան տրամաբանական մէկ բնորոշումն է, որովհետեւ աղջիկներ մայրանալով հոգ պիտի տանին իրենց զաւակներուն, մինչդեռ մանչերու տնօրինուած է աշխատիլ եւ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովել, գէթ հին օրերուն։

Միացեալ Նահանգներու մէջ նշանաւոր է իգական Պարպի (Barbie) պուպրիկը, որ շուկայ իջած էր 1959 թուականին։ Իսկ արական Քէն (Ken) պուպրիկը շուկայ իջած էր 1961 թուականին։ Շիտակը՝ ես անձանբ չէի գիտեր, որ արական պուպրիկ ալ կայ, ինչ մեղքս պահեմ . . .

Ամենայնդէպս եւ ըստ ամերիկեան առասպելական հեքիաթին, Քէն եւ Պարպի առաջին անգամ ըլլալով իրար ծանօթացած են 1961 թուականին։ Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ Քէն եւ Պարպի դարձեալ իրար հանդիպած են 2011 թուականին եւ այս անգամ իրենց հանդիպումը եղած է պտղաբեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն անոնք վերջապէս ամուսանացած են եւ այդ առթիւ այս տարի շուկայ իջած է՝ Moschino ընկերութեան կողմէ պատրաստուած անոնց զոյգ պուպրիկները (տես նկարը), որ կը վաճառուի 254 տոլարի։

Քանի որ կ՛ապրինք Ամերիկայի մէջ, ուր ամուսնութիւններուն 50 տոկոսը դատապարտուած  է ամուսնալուծման, հիմա ես անձկութեամբ կը սպասեմ, թէ Քէն եւ Պարպի պուպրիկները ե՞րբ պիտի ամուսնալուծուին . . .

Պուպրիկներու ամուսնութիւ՞ն, Աստուած իմ՝ դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք!

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին