Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ռուբէն Սեւակ Մարդը, Բանաստեղծը եւ Հայը Համամարդկային Գիծը Ռուբէն Սեւակի Ստեղծագործութեան Մէջ

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*

«Մենք պիտի մեռնինք, որ հայ ազգը ապրի»
Ռ.Ս.

Գրականութեան մէջ կան այնպիսի առանձնայատկութիւններ, այնպիսի արժէքներ, որոնք գրողի ստեղծագործութեան կու տան մնայուն արժէք մը, եւ գրողը կը բարձրացնեն համամարդկային պատուանդանին վրայ։

Այդ առանձնայատկութիւնները կ՝արտայայտեն զգացումներն ու մտածումները համայն մարդկութեան, որոնք ներգրաւած են ժողովուրդներու պայքարի, երազանքի, հոգեւոր աշխարհի բոլոր դրսեւորումները, եւ ուր կը լսուի ժողովուրդներու իղձերուն եւ երազանքներուն արձագանգը։

Այսինքն, այն ինչ որ հասկնալի է եւ ընդունելի բոլոր ժողովուրդներուն եւ բոլոր ժամանակներուն համար, ունի համամարդկային արժէք։

Այսպէս կարելի է բնութագրել Ռուբէն Սեւակի ստեղծագործութիւնները։ Իր ժողովուրդի ճակատագրով տառապող ու տագնապող բանաստեղծը, բարձր արուեստով եւ հարուստ ներաշխարհով, անկրկնելի ինքնատիպ դէմք մը, ոչ միայն կը նկարագրէ հայ կեանքը, այլեւ ազգային գրականութեան արժէքները կը բացատրէ համաշխարհային իրականութեան մէջ, արձագանգելով մարդկային կեանքի ամենաբազմազան երեւոյթներու, պատկերելով այն ինչ որ ընդհանուր է եւ համամարդկային։

Եւրոպա ուսանած տարիներուն, բանաստեղծը կրցած էր լաւ ըմբռնել Արեւմուտքի իրականութիւնը, հասարակական կեանքի մէջ տիրող հակասութիւնները, դասակարգերու հակամարտութիւնը, դրամին ուժը, որ ստրկացուցած էր մարդը, մեռցուցած էր խիղճն ու մարդկայնութիւնը։ Այս մասին «Մարդերգութիւն» վիպերգին մէջ կ՝ըսէ.-

Անցեալ տարի էր։ Յոգնած ապաքէն։
Շատ քաղաքակիրթ այս Արեւմուտքէն՝
Ուր խիղճը բառ մ՛է, մարդը մեքենայ,
Աշխարհ գործարան մ՛անխոնջ, անխնայ
Սէրը հաշիւ մ՛է, կրօնքը՝ դրամ։ 

Մարդկութեան ճակատագրով մտահոգուած մեծահոգի բանաստեղծը, անձնական նեղ ապրումներէն անդին անցնելով, կ՝երգէ տառապանքը թշուառութեան մէջ տուայտող յոգնատանջ հոգիներուն։

«Մարդերգութիւն» վիպերգին հերոսը իր մօր հետ կ՝երթայ հայրենի գիւղի եկեղեցին, ուր ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւնը եկած էր ներկայ գտնուելու գիւղի ջոջի երեխայի մկրտութեան։ Հոն միաժամանակ բերած էին աղքատի մը երեխան։ Հեղինակը նկարագրելով անոնց հակադրութիւնը, մէկը շքեղութեան, միւսը ցնցոտիներու մէջ, կ’ըսէ.-

Մէ՛կը նորածին որդին մեծատուն,
Մի՛ւսը աղքատի ծնունդը անտուն,
Մէ՛կը բեհեզով քնած, միւսը՝ արթուն,
Մէկուն ժանեակներ, մետաքսի հիւսկէն,
Միւսին ձորձ մը խեղճ՝ հօրը շապիկէն,
Առաջնոյն ոսկի, ժանեակ բիւր տեսակ,
Երկրորդին ճակտին փուշի սեւ պսակ,
Մէկը Տէ՛ր արդէն, միւսը՝ Գրա՛ստ։

Անարդարութեան դէմ իր ընդվզումը կ՝արտայայտէ այսպէս՝.-

Բայց այս ի՛նչ արդար օրէնք մ՛է խորին
Որ յղփացա՛ծ, ճոխ Մեծերը երկրին,
Իրե՛նց արգանդին մէջ կը հարուածէ։
Հաւասարութեան խո՛ւլ պէտք մ՛է գուցէ
Որ վիժածնունդ սերմերը Մեծին
Ի՛ր որովայնին իսկ գո՛գը հիւծին։

«Կարմիր Դրօշակը» բանաստեղծութեան մէջ, ի յայտ կու գայ հեղինակին ըմբոստ կեցուածքը կեանքի օրէնքներուն դէմ.-

Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր…։ Քաղցած կեանքեր համօրէն,
Իսպառ լքուած աստուածներէն, մարդերէն,
Լուռ կ՝երթային, խուլ բնազդի մը հլու,
Նո՛ր Օրէնքի, նո՛ր Նժար մը կերտելու…։
Ու ինձ այնպէս թըւեցաւ թէ լռելեայն
Ճակատագրին թեւը կ՝իշխէր իրենց վրան…
Բայց կ՝երթաին անոնք, Ի ԶԷՆ, Ի ՊԱՅՔԱՐ,
Արդարութեան կը դիմէին խոնջ, տըկար,
Արդարութեան որ ա՛յս կերպով պիտի գար…։

Ռուբէն Սեւակի արտայայտած այս միտքը, ընկերաբանական մտածողութեան արտայայտութիւնն է, որ կը յանգի դասակարգային պայքարի գաղափարին՝ տիրողները տապալելու, հասնելու հաւասարութեան յաղթանակին։ Այս Առումով, ան իրապաշտ ընկերվարական մըն է։

Բանաստեղծը խոնարհ խաւին, խեղճին ու տնանկին սատար կանգնելով, մարդասիրական իր գաղափարներն ու մարդկային կեանքի հանդէպ իր սկզբունքները կը հնչեցնէ «Այս Դանակը» վիպերգին մէջ։ Այստեղ արծարծուող նիւթը նոյնպէս դասակարգային հարցն է, ընկերային հակադրութեան պատկերն է, թէ ինչո՞ւ ոմանք տէր են ու ոմանք գերի։

Հեղինակը՝ պաշտպանելով աշխատաւորները, բանուոր դասակարգը դիտելով իբրեւ կեանքի կառուցողներ, ընկերային բարոյականութեան կրողներ, կը նկարագրէ շահագործող հասարակութեան մէջ ապրող աշխատաւորին վիճակը՝ իր մտածուներուն հիմնական առարկան դարձնելով մարդուն շահագործումը մարդուն կողմէ.-

Թէ բանուորն այնքան արտադրեր է շատ,
Ինչո՞ւ հաց չունի բանուորն անաշխատ…
Մարդկութիւն, պատիւ ու թմբուկներ հնչո՞ւն
Աչքըդ գոց հաւատա, մի փնտռեր հնչուն,
Մուրալն ամօթ է, գողնալը ոճիր։ «Այս Դանակը»

Եւ այսպէս, բանաստեղծը պատկերելով տիրող իրականութիւնը, եւ ընդհանրապէս մարդկային կեանքը, համամարդկային հարցերու ընդմէջէն, ազգային հարցն է, որ կը բարձրացնէ։ Իր տարաբախտ անիրաւուած ազգին տառապանքն է, որ կը հնչեցնէ, թէ ինչ պիտի ընէր անիրաւուած ազգ մը ամբողջ, երբ կը մնայ անօթի եւ անօգնական.-

Ինչ կ՝ընէ երբ ազգ մը մնայ անօթի,
Ձեռքին բահ ու բրիչ կը նետէ մէկդի,
Կը զինուի տէգով, կը զինուի սուրով,
Ու կ՝երթայ ամէն միջոցներով վատ
Ազգի մը կըռիւ մղել յուսահատ…։  «Այս Դանակը»

Հայ գրողը կը տագնապէր հասարակական հարցերով, կ՝այրէր իր ժամանակին, իր ժողովուրդին եւ մարդկութեան ճակատագրի հարցերով, երբ նոյն վիպերգին մէջ կ՝ըսէ.-

Իսկ թէ խելօք ես՝ ոչ ոք չի հաճիր
Հաւատալ որ տղադ մեռաւ անօթի,
Կը խընդայ վըրադ առանց ամօթի։

Եւ մի՞թէ հայերուն վրայ չխնդացին մեծ տէրութիւնները, որոնք քար լռութիւն պահեցին իրենց շուրջը կատարուածին՝ գործադրուող ջարդերուն ու կոտորածներուն մասին, դառնալով հաւասարազօր մեղսակիցները մեծ ոճիրին։

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի դժբախտ ճակատագրին, ահաւոր սպանդին, հայրենի հողը լքելու փաստին, այդ տառապանքին ցաւն ու վրէժի զգացումը կ՝արտայայտէ ջերմ հայրենասիրութեամբ գրուած, ջարդուող ու յուսալքուող ժողովուրդին ուղղուած իր օրօրոցի երգով.-

Արիւն-հեղեղ հորդեց այս սուրբ ձորերէն,
Բայց չի փախի՛ս, փարէ՛ երկրիդ, զայն սիրէ՛
Հողիդ վրըրայ գերի մի՛ ըլլար, այլ տիրէ՛…
Օրօր ըսեմ քնանաս։ «Վերջին Օրօր»

Հեղինակին այս բարի ցանկութիւնները չհասան իրականանալու, այլ միայն ականատեսը դարձաւ հայու արիւնով ողողուած հայոց աշխարհին…։

Բանաստեղծ ընկերներուն ձօնուած «Թրուպատուր»-ներու մէջ, Ռուբէն Սեւակ պայքարի զգացումներով համակուած, կ՝անդրադառնայ հայ ժողովուրդի տառապանքին, իր դէմ գործադրուող անլուր խժդժութիւններուն, արտայայտելով իր սերունդին տագնապը, իր ժողովուրդին արիութեան շնորհքները.-

Մենք՝ որ մեր վէրքէն երգեր կը շինենք՝
Մե՛նք, զրկուածներ ճակատագրէն նենգ։
Ու մինչ ուրիշներ առատ կը ջամբեն
Խինդի սեղանէն, մուսային ճամբէն
Մենք կ՝երթանք ըստոյգ Մահուան անսըւաղ
Մե՛նք, հին Մարդկութեան ուշ ծընած-աւաղ-
Թրուպատուրները։

Դառն իրականութիւնը չէր ընկճած, սակայն, հայու ոգին, չէր ընկճած հայուն ապրելու ու գոյատեւելու աննկուն կամքը։ Բանաստեղծը յարատեւելու հաւատք ներշնչելով, իր խօսքը կ՝աւարտէ հայ կեանքի յաղթանակի գովերգով.-

Հրատապ արեւուն տակ հրապարակին,
Ահա՛ կ՝երգեն դեռ, ու մինչ տըղա՛յ, կի՛ն.
Կը հասնին քիչ նեղ ճամբաներէ,
Գլխարկն անցորդին լուռ կը կարկառէ
Իրենց նահապետ երգիչն ալեւոր։
-Տըւէ՛ք, իրե՛նք են, Նոր Մարդկութեան Նո՛ր Թրուպատուրները։

«Վերջին Հայերը» բանաստեղծութեան մէջ կը հնչեն մեռած ընկերներու համար մորմոքի ձայներ, վաղ օրերու յուշ, գալիք լաւ օրերու երազանք, գութ ու սէր մարդկանց հանդէպ։

Հարս ունինք, մեզի հարսնեւոր չիկայ…։
Սուգ ունինք, մեզի սգաւոր չիկայ…։
Ո՞ր մեղքին համար, ո՞վ է անիծեր
Հինգ հազար տարուան այս խե՛ղճ ազգը ծեր…։
Չո՛րս միլիոնին մէ՛կ ապաստան չիկայ,
Եարիճան, հայ կայ՝ Հայութիւն չիկայ…։
Կ՝երգեն Հայերը…։
Թագն առին, դագաղ մը տուին հայուն,
Մեր փառքն անցաւոր, մեր Մահն է կայուն…։
Արշա՛կ մեծ, որու բանակն ահագին
Տէգով կը ծածկէր փառքըն արեգին՝
Ոտնակոխ կորած գերեզմանէդ դուն
Գլուխդ վերցնէիր, տեսնէիր անտուն,
Անտէր Հայերը…։

Հայ կեանքը հաստատող, ոգեկոչող շեշտերով, լուսաւոր ապագայի հաւատքով ու կեանքի ազատութեան շունչով ողողուած «Վերջին Հայերը» բանաստեղծութիւնը, հայ ազատատենչ ոգիին արտայայտութիւնն է.-

Ո՛չ, Ո՛չ։ Արշալոյսն իրենց պիտի գայ,
Ու եթէ չգայ աւօտն ապագայ պիտ կռուին,
Մինչ ե՞րբ, մինչեւ յաւիտեան։

Ռուբէն Սեւակ, իր կրակոտ ու բոցավառ բանաստեղծութիւններով, իրականութեան իր խորաթափանց հայեացքով, կ’արձագանգէ այդ օրերու տխուր դէպքերուն եւ իրողութիւններուն, կ’ընդվզի տիրող անարդարութեան դէմ, ցաւն ու վիշտը հերոսաբար յաղթահարելով։

Պարզ ու անպաճոյճ ոճով գրուած իր հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները, իրենց պարզութեան մէջ իսկ, կը մնան հարազատ ու զգայուն էջերը հայ դիւցազներգութեան։

Ռուբէն Սեւակ հայ մարտնչող մտքի գաղափարախօսն է…։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին