Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Հաստատեց Ռազմա-արդիւնաբերական Զարգացման Ռազմավարութիւնը

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Ռազմա-արդիւնաբերական եւ ռազմա-տեխնիկական քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը ՀՀ նախագահի կարգադրութեան նախագիծ»-ին, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արա Նազարեան ըսած է, որ փաստաթուղթին ընդունումը պիտի նպաստէ ՀՀ ռազմական արդիւնաբերութեան համակարգային բարեփոխումներու իրականացման:

Նախագիծին ընդունմամբ պիտի կարգաւորուին իրաւաբանական անձերու, անհատ ձեռնարկատէրերու, ՀՀ գործադիր մարմիններու միջեւ յարաբերութիւնները ռազմարդիւնաբերական համալիրի մէջ պետական ռազմարդիւնաբերական քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ իրականացման հարցերով:

Պետութեան տնտեսական ու ֆինանսական հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս պիտի ընդլայնուին ներհանրապետական արտադրութեան տեսականին, իսկ ՀՀ զինուած ուժերն ու այլ զօրքերը պիտի ապահովուին ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական սարքերով:

Մինչեւ 2020 թուական Քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւն պիտի հանդիսանայ մետաղամշակող կեդրոններու եւ ճշգրիտ մասեր մշակող հաստոցային պարկի ստեղծումը, ռատիօ-ելեկտրոնային սարքաւորումներու ու մասերու հաւաքման արտադրութեան ստեղծումը, բաղադրեալ  նիւթերու, բարձր, գիտատարողունակ ու մրցունակ արհեստագիտութիւններու իւրացումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին