Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Յուզախառնութիւն Թոռնիկներուս

Ս. ԱՐՄԷՆ

Էիք ինծի նուագարան,
Երգ ու ծնծղայ, մթնոլորտ ջերմ.
Ինչպէ՞ս առանց ձեզի նուագեմ…
Երգեմ միայն շրթունքներո՞վ,
Թէ՛ աչքերով արցունքոտած՝
Երկտո՞ղ գրեմ հեռուէն հեռու
Յիշատակի թուղթի վրայ,
Ոչ թէ կապուինք հեռաձայնով.
Սակայն յոյսս դեռ չեմ կտրած
Ոչ ալ պիտի հեռանայ ան
Մօտ է Աստուած:
Միշտ յուսալով ու նորոգուա՛ծ
Թէկուզ քիչ մը աչքերով թաց
Ինչպէս աշնան, որ պիտի ետ
Վերադառնայ պայծառացած,
Ժպիտով բաց…
Օ՛ն ուրեմն օրը ապրինք
Լուսաւորուած ծառի նման
Զոր Կաղանդին՝ ողջ Աշխարհին
Կ’աւետէ յոյս անմահական.
Եւ ամէ՛ն օր Կաղանդ ապրինք՝
Ապագայի յոյսով վառուած,
Որ օրերու թաւալքին մէջ
Չ’իյնանք պարտուած:
Այս է միայն ինչ որ ունիմ
Եւ ասով եմ հարուստ այնքա՜ն
Դեռ ինչ կ’ուզեմ ինծի տրուած…
Այս է, այո, միմիայն այս
Ու այսքանով՝ բաւարարուած:
Շնորհակալ եմ քեզ, Աստուած…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին