Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Ծնած Իւրաքանչիւր Չորրորդ Մարդ Արտագաղթած է․ Զեկոյց

Հայաստանի մէջ ծնածներուն մէկ քառորդը` 25%-ը, այժմ արտերկրի մէջ կ՛ապրի: Այս տուեալները յայտնի դարձած են Pew Research Center կեդրոնի հետազօտութեան արդիւնքով:

Հետազօտութեան մէջ օգտագործուած են ՄԱԿ 2015 թուականի տուեալները, կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Ըստ արդիւնքներուն՝ 9 երկիրներ կորսնցուցած են բնակչութեան մէկ հինգերորդը կամ մեծամասնութիւնը: Պոսնիոյ եւ Հերցոկովինայի մէջ ծնածներուն մէկ երրորդը կ՛ապրի արտերկրի մէջ, Ալպանիոյ եւ Ճամայքայի մէջ ծնածներուն 28%-ը լքած է իր երկիրը:

Ըստ զեկոյցին՝ Ղազախիստանի, Սուրիոյ, Թրինիտատ եւ Թոպակոյի, Մակեդոնիոյ եւ Փորթուկալի մէջ ծնածներուն իւրաքանչիւր հինգերորդը կ՛ապրի այլ երկրի մէջ:

Որոշ պարագաներու մեծ արտահոսքի պատճառը ակնյայտ է: Երբեմն մարդոց կը ստիպէ փախուստի դիմել հակամարտութիւնը կամ ֆիզիքական վտանգը, կ՛ըսուի հետազօտութեան մէջ: Որպէս թարմ օրինակ կը տրուի Սուրիան, ուր 2011-էն ի վեր քաղաքացիական պատերազմ կայ, 22%-ը կամ 5 միլիոն ստիպուած եղած է հեռանալու երկրէն:

Որպէս արտագաղթի եւս մէկ պատճառ, Pew Research Center կեդոնը կը նշէ ֆինանսական վիճակը բարելաւելու ցանկութիւնը:

Հետազօտութիւնը կը վերաբերի հիմնականօրէն այն երկիրներուն, ուր արտագաղթը ընդհանուր բնակչութեան համեմատ մեծ տոկոս կը կազմէ: Սակայն զեկոյցին մէջ ընդգրկուած երկիրներէն ոչ մէկը արտագաղթածներու քանակով առաջատար է: Այդպիսի երկիրներէն առաջին 5-ի մէջ են՝ Հնդկաստանը, ուրկէ 15,6 միլիոն մարդ արտագաղթած է, Մեքսիքան` 12,3 միլիոն արտագաղթածներով, Ռուսիան` 10,6 միլիոն արտագաղթածներով, Չինաստանը` 9,6 միլիոնով եւ Պանկլատեշը, ուրկէ 7,2 միլիոն մարդ հեռացած է:

Ըստ ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, մշտական բնակչութեան քանակը, Հայաստանի մէջ, 2016-ի Հոկտեմբեր 1-ի դրութեամբ կը կազմէ 2 993 900 մարդ: Մինչդեռ, 2016-ի Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի մշտական բնակչութեան քանակը 2 998 600 էր: ՄԱԿ զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանի բնակչութեան քանակը աննշան աճած է` հասնելով 3 միլիոնի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին