Յունաստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Դեկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հանդիպումը Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ, կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Յունաստանի նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ պատմական ամուր հիմքի վրայ ձեւաւորուած երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Յունաստանի ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:






