Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Յունաստան Կ՛այցելէ

Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու երկկողմանի համագործակցութեան 2016-ի ծրագիրին համաձայն, 19 Դեկտեմբերին սկսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ՊՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը։

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք հայկական եւ յունական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումին յաջորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոսի առանձնազրոյցը:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են պաշտպանական մարզին մէջ հայ-յունական երկկողմանի համագործակցութեան առընչուող հարցեր: Բարձր գնահատելով համագործակցութեան ներկայ մակարդակը` կողմերը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են երկկողմանի համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը մարզերու մէջ փորձի փոխանակման վերաբերեալ:

Հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առընչուող հարցեր: Բանակցութիւններու աւարտին նախարար Վիգէն Սարգսեանն ու իր յոյն պաշտօնակիցը հանդիպում ունեցած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանած անոնց հարցումներուն եւ ներկայացուցած երկկողմանի բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոս` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ յունական զինուժը հայկական զինուած ուժերը կը նկատէ եղբայր, իսկական եղբայր, որովհետեւ երկու ժողովուրդները կողք- կողքի անցած են դժուար փուլեր, եւ անոնց գործակցութիւնը կը շարունակուի` անկախ շրջանի զարգացումներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Առաջին լրատուական»-ը:

Նախարար Սարգսեան իր կարգին շեշտած է, որ յոյն պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանային մարտահրաւէրներուն, որոնք, ցաւօք սրտի, աւելի կը սաստկանան թէ՛ Կովկասի եւ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Քննարկուած են նաեւ գործակցութեան բազմաթիւ ծրագիրներ Յունաստանի հետ եւ Յունաստանի միջոցով` Եւրոպական Միութեան, որոնք կ’առընչուին միջազգային խաղաղապահութեան ու այլ խնդիրներու: Վիգէն Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի մօտեցումը Արցախի առընչուած անվտանգութեան հարցերուն վերաբերեալ: Յոյն լրագրողները նախարարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած են Թուրքիոյ ապակառուցողական դերին վրայ` յիշելով արցախեան տագնապը:

«Մենք մեծ մտահոգութեամբ կ’արձանագրենք, որ Թուրքիան կը շարունակէ բաց եւ փակ տարբեր կարելիութիւններով աջակցիլ Ազրպէյճանին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը զինուորական ճնշման միջոցներով փոխարինելու տեսակէտէ: Ատիկա չի նպաստեր շրջանին մէջ անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման, եւ յոյսով ենք, որ շրջանի երկիրները աւելի հաւասարակշռուած կը մօտենան արցախ-ազրպէյճանական բարդ խնդիրի լուծման», յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը: Նոյն ձեւով արձագանգած է նաեւ յոյն նախարարը, որ անդրադարձած է նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին` թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ Պոնտոսի յոյներուն պարագային:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ կողմերը ինչպէ՞ս կրնան գերազանց յարաբերութիւններ պահպանել, մարտահրաւէրները միասնաբար դիմակայել` գտնուելով տարբեր ռազմաքաղաքական դաշինքներու մէջ, նախարար Քամենոս արձագանգած է. «Այսօր ալ կողք-կողքի ենք»: Իր կարգին, Սարգսեան նշած է, որ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ բաժանարար գիծեր, որոնք կը խանգարեն գործակցիլ միացեալ շահերէն բխող հարցերու մէջ:

«Դաշինքներուն նպատակը մէկ է` բարձրացնել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու անվտանգութեան մակարդակը: Մենք կը տեսնենք շատ մարզեր, ուր կրնանք դիւրութեամբ փոխգործակցիլ` առանց հարցականի տակ դնելու մեր հիմնական անվտանգային դաշինքներուն մէջ պարտաւորութիւնները կամ մեր հաւատարմութիւնը», ամփոփած է նախարար Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին