Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Սուրիահայ Սիլվա Գալայճեանի Ձեռքերուն ՄԷջ Անպէտք Իրերը Նոր Կեանք Կը Ստանան. տեսանիւթ

Սիլվա Գալայճեանի երիտասարդ ընտանիքը 4 տարի առաջ որոշեց Հալէպէն Հայաստան գալ: Ընտանիքին այստեղ հեզասահ կեանք չէր սպասեր, բայց աշխատասէր զոյգը այսօր ոտքի  կանգնած է, միասին հարսանեկան նկարահանումներու մոնթաժ կ’ընեն: Սիլվային ամուսինը նաեւ արհեստավարժ լուսանկարիչ է:

Բացի հիմնական աշխատանքէն երիտասարդ մայրիկը նաեւ գեղեցիկ ձեռագործ աշխատանքներ կը պատրաստէ` տան ձեւաւորման, զարդեր եւ այլն: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը խոստովանի, որ ինք կրնայ նոյնիսկ անպէտք իրերէ գեղեցիկ զարդարանք պատրաստել:

2

Սիլվային ձեռագործ աշխատանքներուն գնորդը կը ծանօթանայ իրեն ֆէյսպուքեան (facebook) էջի միջոցով (K . S  Handmade Decoration), Սիլվան հնարաւորութիւնը չի փախցներ նաեւ ցուցահանդէսներու միջոցով ներկայանալու:

«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը անոր հետ զրուցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած եւ արդէն աւանդական դարձած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի օրերուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին