Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Թուրքիան 9-րդն է Անկիրթ Երկիրներու Ցանկին Մէջ

Բրիտանական «Ipsos MORI» գործակալութիւնը ուսումնասիրած է աշխարհի 40 երկիրներու կրթուածութեան մակարդակը: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Diken.com.tr» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներուն իրականացուած հարցումներուն, ընդհանուր առմամբ, մասնակցած են 27.250 մարդ: Իւրաքանչիւր երկրէ հարցախոյզին ներգրաւուած են 500-էն 1.000 քաղաքացիներ:

Արդիւնքներու ամփոփումէն պարզուած է, որ Թուրքիան կրթութեան ամենացած մակարդակ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ 9-րդն է: Նշենք նաեւ, որ որեւէ եւրոպական երկիր այս ցանկի առաջին տասնեակին մէջ չկայ:

Յիշեցնենք, որ աւելի առաջ հրապարակուած «Սորվողներու միջազգային գնահատման ծրագիր»-ի (PISA) քննութիւններու արդիւնքներուն համաձայն` ուսման յառաջադիմութեան առումով Թուրքիան 70 երկիրներու ցանկին մէջ 52-րդն էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին