Հինգշաբթի, 11. 09. 2025

spot_img

Ամանորին Համրուած Օրեր Մնացած են. «Միրաք»ը Պատրաստութիւն Կը Տեսնէ

ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման՝ Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2016-ի հաւաքին դարձեալ տօնական տրամադրութիւններ կը տիրէր: Նկատի ունենալով, որ Ամանորին համրուած օրեր մնացած են, այս տօնին կը պատրաստուին նաեւ «Միրաք»ի անդամները, Ամանորեայ ձեռային զարդեր պատրաստելով: «Միրաք»ի պատանիներուն հետ ձեռային աշխատանքը իրականացուցին ընկերուհիներ՝ Մակի Սողիկեան, Ռիթա Մագսուտեան-Շատեան եւ Անի Յակոբեան, որոնք համբերութեամբ հսկեցին եւ օգնեցին պատանիներուն, որպէսզի յաջողութեամբ ամբողջացնեն  իրենց գործը:

Թէքէեան կեդրոնէն ներս հաւաքուած պատանիները երգով եւ բարձր տրամադրութեամբ իրենց աշխատանքները կատարեցին, ստեղծելով լիարժէք տօնական տրամադրութիւն:

20161218_120605

20161218_123320

20161218_123341

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին