Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Կարճադարձ Զուգահեռ

Դոկտ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

1

Թորինոյի 34-րդ շարժապատկերի փառատօնը վաւերագրական դասի առաջին մրցանակը շնորհած է Աւօ Գաբրիելեանի «Տուներ Առանց Դռներու» (2015, 72 վ.) ժապաւէնին, որ Հալէպի ողբերգութեան պատում մըն է : (1) Ֆիլմը, անցեալ  Յուլիսին, ներառուած էր այստեղ կայացած  «Քարամէ» (արժանապատւութիւն) փառատօնի ծրագիրին մէջ:  Ցուցադրութիւնը կը հովանաւորէր Զուիցերիական դեսպանատունը: Կազմակերպիչները,  ձեռնարկը կը համարէին  մարդկային իրաւանց  պաշտպանութեան համար մղուած  պայքարի օղակ մը: Ժապաւէնը ֆինանսաւորած է «Պիտէյէթ» (սկզբնաւորութիւններ) ընկերութիւնը, որուն սեփականատէրն է Ալի Աթասի: Աթասի ընտանիքը ի սկզբանէ կարեւոր դեր ունեցած է Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ: Ալի Աթասի 2014-էն ի վեր ֆինանսաւորած է շուրջ տասը վաւերագրական ժապավէն: Գաբրիելեան մտադիր է «Տուներ Առանց Դռներու»-ն ներկայացնել Ոսկէ Ծիրան փառատօնին:

Բանալիներ .- Ժապաւէնը համադրած է բեմադրիչի տան պատշգամէն, պատուհանէն եւ կտուրէն նկարուած տեսարաններ, որոնց աւելցուած են այլ աղբիւրներէ վերցուած կարճ տեսանիւթեր: Ձայնը, որ յաճախ  ան-բաղդատելի է (nondiegetic), էական դեր կը խաղայ:  Շահարկուած է Կոմիտասի Շուշիկին: Բացման տեսարանը ցոյց  կու տայ զրահապատ շքերթ, մինչ անտեսանելի ուղղաթիռներ կ’ոռնան եւ կը կափկափեն՝ յիշեցնելով Ֆ. Ֆ. Քոփփոլայի «Յայտնութիւնն Հիմա»-ն (1979): Ուղղաթիռը խորհրդանիշ է ճնշումի: Բեմադրիչը թիրախ ընտրած է ճնշող պետութիւնը: (2) Այս կարելի է համարել ժապաւէնը հասկնալու առաջին բանալին :

2

Ապա կու գայ Ալեհանտրօ  Ճոտորովսքիի «Խլուրդը» ֆիլմէն (3) վերցուած հատուած մը, ուր  հայր ու որդի կը փորձեն աւազի տակ թաղել մետալիոն մը, որ կը կրէ տղեկի մօր լուսանկարը: Մետալիոնը, որ ի դէպ կը յիշեցնէ Շապէլ Եսայեանը, կը մերժէ «թաղուիլ»: Հայ հանդիսատեսի համար բացատրութեան կարիք չկայ: Անապատի մէջ լքուած մօր յիշողութիւնը կարելի չէ թաղել:  Բեմադրիչը, այստեղ կու տայ միաժամանակ երկու՛ բանալի .- նախ, զուգահեռ կը գծէ Սուրիական պատերազմի եւ Մեծ Եղեռնի միջեւ, ապա կը յայտնէ իր գեղարուեստական ուղղութիւնը: Ճոտորովսքի կը նկարէ արնաթաթաւ, գերիրապաշտ/ խորհրդապաշտ պատկերներ: (4) Կ’ըսէ, թէ իր շարժապատկերը կը կատարէ  հոգե-յայտ (psyche-delic) թմրանիւթի դեր: «Խլուրդը» իսկական Սոդոմ-Գոմոր է՝ տեղադրուած ամերիկեան “ուեսթըրն” խորապատկերին վրայ: Գաբրիէլեան կը հայսէ  իրականն ու գեր-իրականը (sur-real): Կը ստեղծէ մտային խառնաշփոթ: Սուրիական պատերազմը կը դադրի քաղաքական ճանաչելի կողմերու միջեւ զինեալ բախում ըլլալէ եւ կը վերածուի անիմանալի բնազանցական չարիքի մը:

3

Բանալի կարելի է համարել նաեւ շարժապատկերի պատմութեան արձանագրած առաջին տեսաերիզը, որ ցոյց կու տայ արշաւող ձիաւոր մը: (5) Այդ երիզը սահմանափակ թիւով պատկերներու շարան մըն էր, որ վերածուած էր ընթացքի մը: Թերեւս բեմադրիչը ուզած է ըսել, թէ տուեալ պահուն որոշած է ինք եւս նկարահանել պատկերներու շարան մը:

Դիպաշար .-  Շատ համեստ միջոցներով նկարուած տեսարանները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս պատերազմը կը փոխակերպէ գրեթէ զուտ հայկական Նոր Գիւղ թաղամասի առօրեան: Նկարահանումները կը սկսին, երբ շրջանը դեռ համեմատաբար խաղաղ է: Հորիզոնին վրայ կ’երեւան, սակայն, սեւ մուխի թանձր սիւներ, կը լսուին ռումբերու խուլ պայթիւններ: Հեռատեսիլը ցոյց կու տայ, թէ ինչ կը պատահի այլուր: Թաղեցիք այսուհանդերձ կը պահպանեն միամիտ յոյսը, որ անհրաժեշտ է կեանքը շարունակել կարենալու համար:

4

Տան ներքին փոքր տարածքին մէջ կը տեսնենք ամենասովորական տեսարաններ.-  պնակ լուալ … սուրճ պատրաստել … անվերջ գոյժեր … :  Կը լսենք Նոր Գիւղի հասարակ բարբառով պանալ երկխօսութիւն: Աւելի ճիշդ՝ մենախօսութիւն: Ի դէպ, քատրերու մէջ ներկայ է միայն բեմադրիչին մայրը,  որ անդադար կը ծխէ: Ծխիկը վերջին հաշվով  թմրանիւթ  է: Ծխելու կրկնուող տեսարանները կարելի է համարել խորհրդանշական:

Ժապաւէնի շուրջ 35-րդ վարկեանին պատերազմը կը հասնի հայկական թաղամաս: Աւեր, ղողանջներ, Տէր Ողորմեայ,եւ խուճապ: Հարսանիքը կը մոնթաժուի երիտասարդ կնոջ յուղարկաւորութեան: Բեմադրիչը՝ վոյս-օվըրի (voice over) միջոցով` բացայայտօրէն հանդիսատեսին կը թելադրէ զուգահեռ տեսնել 1915-ի աղետին եւ սուրիական պատերազմին միջեւ: Գաբրիէլեան՝ հոլիվուտեան ֆիլմերէ՝ ներածած է արտառոց ծաղրանկարային հատուածներ: Յատկապէս, թուրք ասկեարներու հայ մը տառացիօրէն պայտելու տեսարանը: Այստեղ, իրականը կ’ագուցուի շուկայական ստեղծաբանութեան:

Վոյս-օվըրը ֆրանսերենով կը կրկնէ Սիամանթոյի «Պարը».- «տանսէ՛, տանսէ՛, …»:  (6) Բայց չէ՞որ այդ պատումի մը պատումն է, թելադրուած յուշ մը … ժառանգուած խոց (trauma):  Կը թուի, թէ բեմադրիչը այդ կը ներկայացնէ իբրեւ վկայութիւն: Օտար հանդիսատեսներ, այդ պահուն, սկսան լքել սրահը: Հարկ է, որ վաւերագրական ֆիլմը չափազանց ուշադիր ըլլայ, այլապէս կը կատարէ հակա- քարոզչութիւն: (7)

Անոնք, որոնք կը յամառէին մնալ (թաղամասի մէջ , այլ ոչ ցուցադրութեան սրահի), կը փորձէին համակերպիլ եւ դիմադրել: Պատկերը ցոյց կու տայ նորածին մը  … Ամանորի  համեստ սեղան մը … սեղանակիցներ իւրովի կը մեկնաբանեն  ծանօթ ֆէտայական երգեր …  տղեկ մը կը փորձէ  խմել աժան օղի …  բակին մէջ տղամարդիք  կը պարեն  ռազմական  « սեյֆ ու թըրս»  (սուր ու վահանիկ) …  Կեանքը կը պայքարի մահուան դէմ: Բարի:

5

Պատերազմը կը հասնի տան շեմին: Բեմադրիչը կը նկարէ ջարդուած փեղկերու եւ բզկտուած վարագոյրներու ետեւէն: Պատուհանէն վար կը տեսնենք կարասիներու  բեկորներ եւ խորտակուած ինքնաշարժեր: Կին մը, ամայի ճամբու մայթին նստած, կը սպասէ … : Շէնքերու արանքէն կը տեսնենք կտոր մը երկինք:  Ապա՝ անձրեւ ու ամպրոպ: Նոր Գիւղի տունը այլեւս լքուած է: Արագ անցում: Ինքնաշարժի պատուհանին մէջ կը յայտնուի Պէյրութի մուտքը: Բեմադրիչին նոր տան պատուհանէն (կրկին նայուածք ներսէ դուրս)  կը տեսնենք նոր փողոց: Բայց խորհրդանշական անձրեւը կը թափուի նաեւ Պէյրութի վրայ …

6

Աւարտական տեսարաններուն մէջ բեմադրիչը ներածած է «Խլուրդ»-ի գեր-արիւնոտ պատկերներէն մէկը, ուր հայրը իր տղեկին կը սորվեցնէ սառնարիւն սպաննել մահամերձ մարդ մը: Արնագոյն ցեխաջուրի շուրջ  ցաք ու ցրիւ դիակներ: Այդ կը մոնթաժուի «Մայրիկ»-ի առ երես համարժեգ տեսարանին, ուր թուրք ասկեարներ գնդակահարած են ցեխաջուր խմող հայեր: Ճոտորովսքիի պատկերը, սակայն, նկարուած է սեւ հումորով: Իսկ Վերնոյի պատկերը՝ բարեպաշտ լրջութեամբ: Ակնբախ է յետ-արդիական գրագէտ եւ միամիտ շուկայական պատկերաւոր լեզուներու հակադրութիւնը՝ ի նպաստ առաջինին: Ի՞նչ միտումով է վաւերագրական/քարոզչական ֆիլմը մոնթաժած սինիկն ու միամիտը:

Պատկերներու լեզուն .-  Բեմադրիչին՝ անձամբ նկարահանած տեսարաններուն մէջ՝ պատկերաւոր լեզուն սահմանափակ է ե՛ւ թիւով ե՛ւ տարողութեամբ: Կու տամ օրինակներ.-

7

Բեմադրիչին մայրը կը փորձէ տան իրերը տեղաւորել գաղթի ճամպրուկին մէջ: Բայց ճամպրուկը կը յորդի: Ինչպէ՞ս կարելի է  ահագին անցեալ մը խցկել պայուսակի մը մէջ: Շատ բարի:

Թաղեցիներ վաղաժամ մահացած ծառը կը փոխարինեն կանաչ տունկով մը: Բայց տունկը կը թուի սուտ, արհեստական: Կարծես շինուած մանկական լեկոներով: Շատ բարի

Մութին մէջ կը տեսնենք լուսաւոր մուտք մը եւ կը լսենք արաբերէն խռովարար երգ մը՝ «Ծովը չի ծիծաղիր, վէրքը չսպիանար» (8): Մութին մէջ գոյ է յոյս եւպայքարի կամք: Շատ բարի:

Կը կրկնուի անձրեւը: Երկինքէն փաթուող ջուրին կարելի է տալ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ: Բարի:

Կան նաեւ պարզամիտ պատկերներ:  Փոթորիկը թափ կու տայ  ջարդուած պատուհանի անպաշտպան վարագոյրը: Ճակատագիրը անձնատուր է վայրագ հողմերուն: Բարի:

Ասոնց առընթեր կան պարզ ու հասկնալի պատկերներ, որոնք  ծանրաբեռնուած են  «բացատրութիւններով»: Վանդակի մէջ հէգ սարեակ մը կը դողայ: Հասկնալու համար, միթէ հարկ կա՞յ  օգնութեան: Ցաւօք՝ իսկոյն կու գայ  մեկնաբանութիւնը: Վոյս-օվըրն հանդիսատեսին կը բացատրէ, թէ վանդակին մէջ փակուած անզօր սարեակը կը վախնայ ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս տան մէջ  փակուած անզօր մարդիկ: Հարկ է, որ յետագային Գաբրիէլեան աւելի մեծ յարգանքով մօտենայ հանդիսատեսի իմացական կարողութեան:

Աւելի յարիր է շարք մը փոխ առնուած պատկերներու գործածութիւնը.-

Մէկը փայտիկով կը գրգռէ մութ նկուղին յատակը: Արդեօք ի՞նչ կը փնտռէ  …

Սաւանով ծածկուած դիակ մը կը հասնի մեռելատուն: Հերթապահը կը ստուգէ ո՛չ թէ անոր դէմքը, այլ՝ պպիին անցուած կտրոնը:

Զօդիչի շեշտակի բոցը կ’ուղղուի անգործ, փոշոտ տրամաչափի մը: Ո՜վ հրաշք, տրամաչափը կեանք կ’առնէ, սլաքը կը շարժի դէպի վտանգի կարմիր գօտի: (9)

Գաբրիէլեան օգտագործած է շարք մը տեսողական խաղեր, որոնք ծախսալից ճարտարագիտութեան չեն կարօտիր: Կը սիրէ, օրինակ, մակադրել (superpose) պատկերներ: Կ’անցնի սեւ ու սպիտակի, արտայայտելու համար, օրինակ՝ տխրութիւն: Ոսպնեակը դիտաւորեալ դուրս կը բերէ կիզակէտէ (ֆոքուս) եւ կը պղտորէ պատկերը, ցոյց տալու համար ընկալումի անորոշութիւն: Ձեռքին վրայ կրուած քամերան իհարկէ անկայուն է: Այդ կ’արտայայտէ անկայուն իրավիճակ:

Ներառուած են բռնազբօսիկ, ոչ համոզիչ տեսարաններ: Տղոց խաղ-պատերազմը յստակօրէն բեմադրուած է  համբակ անձի մը կողմէ:  Մանուկներ կ’արտասանեն իրենց թելադրուած ամբաստանագրեր: Նման տեսանիւթեր կը նսեմացնեն վաւերագրական ֆիլմի հաւաստիութիւնը:

Գերբնական .- Ֆիլմին մէջ տեղ գտած են սնոտիապաշտ տարրեր.- Թղթախաղի քարտերով «Ֆալ  բանալ» : Չորցող ծառը համարել չարաբաստիկ նախանշան (omen) : Մօր մղձաւանջը համարել գուշակութիւն: Եւ այլն: Ի դէպ, ֆիլմին վերնագիրը վերցուած է այդ չարագուշակ մղձավանջէն: Մայրը երազած է, որ իրենց տան մուտքը պատուած է աղիւսներով եւ դուռը շպրտուած փողոց:  Տունը այլեւս դուռ չունի: Վոյս-օվըրը կրկին կ’օգնէ .- «չկայ դուռ, ուրեմն չկայ տուն»:

Ինչո՞ւ արդեօք լայն տեղ տրուած է գաղտնախորհուրդ մտքերու: Բեմադրիչի դիմատետրին  վրայ տեղադրուած թագնագիր խաւարաբարոյ պատկերները կը խորացնեն այս մտավախութիւնը: Եռանկիւնի մէջէն մեզի հետեւող «ամենատես աչքը» կը պատկանի գազանի մը, գուցէ՝ նոյնինքն Սադայէլին …

Քաղաքական .-  Քաղաքական ուղղուածութեան արտայայտութիւնը կը սկսի որմազդէն: Այրուող քաղաքէն դէպի վեր կը ծառանայ կարմիր տիտան մը: Իմա՝ զանգուածային ընդդիմութիւնը: Երկինքէն արձակուած հրթիռը խոցած է անոր ըմբոստ ճակատը: Բոլորին ծանօթ է, թէ ո՞վ կը տիրապետէ Սուրիոյ երկնքին:

Գաբրիէլեան ցոյց կու տայ պատռտած աղտոտ շապիկ մը, որ կը կրէ սուրիական դրօշը եւ նախագահ Ասատի պատկերը: Նոյն դրօշն ու պատկերը կրող հսկայ զինանշան մը նետուած է աղբանոց: Նախագահը յետ-յետ քայլելով կ’ուղղուի դէպի իր պալատին մուտքը:  Իմա՝ կը լքէ իշխանութիւնը: Տեսարանը կը կրկնուի:

Իշխանութեան գործակալներ կը տանջեն խեղճ տղամարդ մը,  որ կը բողոքէ.- «Ես մա՛րդ եմ, ոչ՝ անասուն»: Պատերազմի բռնկումէն առաջ նկարահանուած այս ցաւոտ տեսարանը յաճախ կը տեսնուի  ընդիմութեան տեսերիզներուն մէջ: Ցաւօք, յարգելի մտաւորականներու ձեռնարկած «Դամասկոսի Գարունը» ճնշուած էր:

Գաբրիէլեան ցոյց կու տայ մզկիթ մը, որ մերուած է տուներու հետ:  Հազիւ կը զատորոշուի անոր գմբեթը: Ուրեմն կրօ՞նն է ընդիմութեան հարազատ արտայայտութիւնը:

Աւերակներու վերեւ կը տեսնենք ագռաւներու ջոկատ մը, բայց կը լսենք ոչ թէ անոնց, այլ՝ ուղղաթիռներու կռինչը: Նախագահը կը զրուցէ օդաչուի մը հետ, որ կը նկարագրէ իր դիտած սիրուն համայնապատկերը: Բոլորը գիտեն, թէ շէներու քանդումը հետեւանքն է վերէն արձակուած «տակառներուն»: Ֆիլմը կը յիշեցնէ «Բարի Լոյս Վիեթնամ»-ը, ուր օդաչուներ կը լսեն Արմսթրոնկի «Ո՝հ, ինչ սիրուն աշխարհ» երգը: (10) Սեւ հումոր:

Բարի: Այս բոլորը գո՛յ են: Բայց անոնց կողքին մենք չենք տեսներ որեւէ ա՛յլ դրօշ, որ նետուած ըլլար պատմութեան աղբանոց: Ներառուած է լոկ մէկ տեսարան, ուր ԻՍԻՍ կը քանդէ քրիստոնէական մերօրեայ (ոչ պատմական) որմնանկար: Չենք տեսներ, այսպէս կոչուած, «չափաւոր» իսլամական ուժերու կողմէ գործադրուած որեւէ բռնարարք: Գաբրիէլեանի մի-ականի ֆիլմը հանգիստ կը տեղադրուի Եւրոպաբնակ ընդդիմութեան քարոզչութեան ծիրին մէջ: Դեսպանատան հովանաւորութիւնը եւ մրցանակը կարելի է հասկնալ այս իմաստով:

Հայկական .- Գաբրիէլեան անդադար կը փորձէ զուգահեռներ գտնել 1915-ին եւ սուրիական պատերազմին միջեւ:  Կը մոնթաժէ, օրինակ, այն տեսարանը, ուր Նոր Գիւղի մէջ սննդանիւթ կը բաժանուի, վաւերագրական այն տեսարանին հետ, ուր եւրոպական հագուկապով սատիսթ տիկին մը հացի փշրանքներ կը նետէ հայ որբերու առաջ եւ կը հրճուի դիտելով անոնց խուճապը: Վոյս-օվըր կրկին կը դիմէ  «Մայրիկ» ֆիլմի  պատումին:

Հիմնաւորուա՞ծ է միթէ զուգահեռը: Օսմանեան պետութիւնը գործադրած էր ծրագրուած ընչազրկում, տեղահանութիւն եւ սպանդ: Հալէպի ողբերգութիւնը ունի այլ նկարագիր: Սուրիոյ մէջ տեղահանութիւնը համատարած է: Կ’ենթադրուի, որ բնակչութեան առնուազն կէսը լքած է իր տուն: Բռնութիւնը, յատկապես պետութեա՛ն գործադրած բռնութիւնը, ուղղուած չէ հայերու դէմ: Ընդհակառակն: Հալէպահայեր այս օրերուն խանդավառ են ի տես սուրիական բանակի յառաջխաղացին:

Պանդխտութեան զուգահեռը նոյնպէս անյարիր է: Այդ արդիւնք էր գաւառի քրիստոնեաներու նկատմամբ գործադրուած տնտեսական խտրականութեան: Այս նիւթին շուրջ կան ակադեմիկ ուսումնասիրութիւններ: (11) Սուրիոյ մէջ գոյ էր հակա-պատկեր: Հայեր ունէին բարեկեցիկ կենսամակարդակ, առ նուազն, մասամբ՝ շնորհիւ իրենց գործակցութեան իշխանութիւններու հետ: «Սուրիական Աշուն»-ի հիմնական պատճառներէն մէկը գիւղաբնակ ընչազուրկ մասսաներու քինախնդրութիւնն է քաղաքի ընտրանիներուն հանդէպ: Հայեր մաս կը կազմէին երկրորդ խումբին …

Ի՞նչ առնջութիւն կրնայ ունենալ Սողոմոն Թեհլիրեան այս բոլորին հետ: Հայեր քաղաքական ո՞ր կողմէն պիտի  վրէժ լուծեն: Գուցէ ահաբեկեն սուրիական պետական այրե՞ր: Հայ համայնքը գործակցած է եւ կը գործակցի պետութեան հետ: Սուրիական պատերազմը 1915-ի կրկնութիւնը չէ:

Բեմադրիչին այն դրոյթը, թէ «այս բոլորը ծախուած խաղեր են»,  ցոյց չի տար քաղաքական հասունութիւն:

Ի դէպ, Գաբրիէլեան դէմ չէ բռնութեան: «Պատերազմը կեանքի օրէնքն է » կ’ըսէ եւ կ’աւելցնէ  « Հինը պէտք է քանդենք, որ նորը շինենք»:  Անոր դժգոհանքն ա՛յն է, որ սուրիական պատերազմը չի յարգեր բարոյական չափանիշները: Խնդրեմ, տեղի ունեցա՞ծ է երբեւիցէ բարոյական պատերազմ: Գաբրիէլեան կը հաւատայ  «բնական մարդուն»: Իսկ ո՞ր դարաշրջանին  է ապրած Ժան Ժաք Ռուսոյի երեւակայած «բնական մարդը»:

Յուսկ Բանք .- Արհեստագիտական անկիւնէ  դիտուած՝ ֆիլմը խոցելի է երկու իմաստով: Նախ այն, որ այդտեղ գոյ են առերեւոյթ աննպատակ կրկնութիւններ: Ապա այն, որ չունի կուռ կառոյց եւ կողմնորոշում: Հանդիսատեսը շուտով կը շփոթի եւ կը ձանձրանայ: Կը թելադրեմ, որ կատարուի հիմնական վերա-մոնթաժում:

Գաբրիէլեան ունի ակնյայտ շնորհ եւ բարի կամեցողութիւն: Ֆիլմը կը միտի հալէպահայութեան ողբերգութիւնը ծանօթացնել աշխարհին: Բարի: Այդ ուղղութեամբ ունեցած է ակներեւ յաջողութիւն: Բարի: Բայց Գաբրիէլեան կը շտապէ եւ բեմէն շաղ կու տայ հապճեպ դատումներ: Հիմա, որ դուրս է եկած է պատերազմի դոհուբոհէն, կրնայ  աւելի հանդարտ դասաւորել իր մտքերը:

Յաջողութիւն:

 

Ծանօթ՝ Սոյն յօդուածին արեւելահայերէնը լոյս տեսած է kinoashkharh.am կայքէջին վրայ

————————

 

  1. Ֆիլմին Վերնագիրը կը համընկնի Peter Staub-ի “Houses without Doors” (1991)  horror-suspense ժանրի վէպի

վերնագրին:  Բեմադրիչը կ’ըսէ, թէ այդ զուգադիպութիւն է:

  1. Բեմադրիչը շուրջ երեք շաբաթ մնացած է սուրիական բանտերու մէջ:
  2. El Topo, Alejandro Jodorowsky, 1970, 125 վ.
  3. Տե՛ս Բրիտանիոյ Ֆիլմարուեստի Հաստատութեան օրգան Sight & Sound, Յունուար 2017, էջ 77
  4. Լուսանկարիչ Eadweard Muybridge իր սկաւառակը կոչած էր zoopraxiscope (կենդանա-գոծողա- ցոյց)
  5. Վերցուած Դոն Ասկարեանի «Աւետիք»  (1992) ֆիլմէն
  6. Տե՛ս «Եղեռնի Վկայութեան Վաւերագրութիւնը», Ազդակ 19 եւ 20 Մայիս 201
  7. Եգիպտացի երգահան Շեյխ Իմամ: «Մէ թըտհա՛քշ ալ-պահր / կրհօ  մե յըտպա՛լշ»
  8. Երեւոյթը ունի գիտական բացատրութիւն: Կ’ընդլայնուի տրամաչափի զսպանակը:
  9. «Good Morning Vietnam», Barry Levinson, 1987. L. Armstrong, «What a Wonderful World», 1967
  10. Տե՛ս «Հարկերը Օսմանեան … կայսրութեան մէջ », Լեւոն Վարդան, 2004

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին