Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Կոկիկեան Հիմնարկի Արաբերէնի «Ալ Պայան» Մրցանակի Հինգերորդ Մրցանակաբաշխութիւն

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրութեան մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան» հիմնարկը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ հինգերորդ տարին ըլլալով:

Ձեռնարկը վարեց Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամ Զիատ Հայէքը, որ ներկայացնէ հիմնարկին խօսքը:

Զիատ Հայէք շեշտեց, թէ այս աշակերտները, որոնք գերազանցիկ էին արաբերէնին մէջ եւ պիտի պարգեւատրուին, իրենց նպաստը բերած եղան «Կոկիկեան» հիմնարկի նպատակին` լիբանանահայ համայնքին համարկումը լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Ան աւելցուց, թէ «Կոկիկեան» հիմնարկին նպատակն է, որ լիբանանհայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերէ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ, որպէսզի հայ համայնքը կարենայ ստանալ իր ամբողջական իրաւունքները:

«Կոկիկեան» արաբերէն շարադրութեան մրցումի  2015 տարուան մրցանակակիր, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտ Լիւսի Թապաքեան մրցանակը Զիատ Հայէքին վերադարձնելէ ետք, բեմ բարձրանալով ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին, որ կը քաջալերէ արաբերէնի մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները, եւ այս աշխատանքը, որ կը տանի, մեծ պատիւ է, որովհետեւ այդ աշակերտներն են Լիբանանի մտաւոր եւ մշակութային արժէքը: Անոնք են այն ուժը, որուն վրայ հիմնուելով կը կերտուի Լիբանանի լուսաւոր ապագան: Ան շեշտեց, թէ Կոկիկեան հիմնարկի աշխատանքները չեն բաւարարուիր միայն արաբերէնի գերազանցիկները պարգեւատրելով, այլ նաեւ անիկա քաջալեր կը հանդիսանան եւ կ՛ուղղեն հայ երիտասարդները՝ ստանձնելու պետական, հանրային պաշտօններ:

«Կոկիկեան» հիմնարկը նիւթապէս կ’օգնէ նաեւ դպրոցներուն մէջ գերազանցիկ այն աշակերտներուն, որոնք փափաք ունին համալսարան յաճախելու` անոնց համալսարանական թոշակը վճարելով: «Կոկիկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ համալսարանաւարտ Մելքոն Էլէճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին` զինք դարձնելու համար այդ մեծ ընտանիքի անդամներէն մէկը ինչպէս նաեւ համալսարանական իր նախընտրած ճիւղը ուսանելու իրեն ընծայուած առիթին համար:

Ապա լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները մրցանակներ ստացան «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ:

Օրուան հիւր բանախօսն էր «Սոտեթել» ընկերութեան տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին՝ Լիբանանի ու հայութեան ի նպաստ կատարած ներդրումներուն: Ան շնորհաւորեց հոն ներկայ գտնուող աշակերտները: Ան շեշտեց, թէ արաբերէնի հանդէպ տածած սէրն ու կառչածութիւնը ինքնին մեծ ձեռքբերում մըն է ո՛չ միայն լիբանանահայ աշակերտին, այլեւ՝ լիբանանցի աշակերտին համար: Ֆարաճեան ըսաւ, թէ պատիւ է իրեն համար այդ հանդիպման ներկայ գտնուիլ, որովհետեւ այս ձեռնարկը զուտ լիբանանեան ազգային ձեռնարկ է, որուն նիւթը արաբերէնն է, որ լիբանանեան պետութեան ու ինքնութեան հիմքերէն մէկը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմանադրութեան նախաբանին գլխաւոր կէտերէն է: Ան շեշտեց, թէ այս հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումն ու լիբանանեան հայրենիքի եւ անոր լեզուին նկատմամբ հաւատարմութիւնը կրնան հաւասարապէս եւ ներդաշնակ ընթանալ:

Գեղարուեստական յայտագիրով՝ «Պհըպպաք եա լըպնան» երգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան:

Հանդիսութեան աւարտին Արամ Գարատաղլեան յայտարարեց արաբերէն շարադրական մրցումի երեք մրցանակակիրներուն անունները: Երրորդ մրցանակը ստացաւ Փերլա Պասեթ (Հայ աւետարանական գոլէճ), երկրորդ մրցանակը ստացաւ Վահագն Չլտըրեան (Դարուհի- Յովակիմեան), իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Լէա Հապիպեան (Հռիփսիմեանց վարժարան):

Ապա առաջին մրցանակակիր Լէա Հապիպեան ընթերցեց իր շարադրութիւնը, իսկ Հռիփսիմեանցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան երրորդ անգամն ըլլալով ստանձնեց «Ալ Պայան»-ի մրցանակը:

B001

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին