Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

«Զարթօնք» Ղարաբաղի Զինուորի Կողքին

20-24 Հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի և Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար համահայկական շարժումը:

Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին:

Իբրեւ վերոյիշեալ ժողովին մասնակից, «Զարթօնք»ը որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութենէն տարիներ առաջ իր էջերով միշտ վեր առած է անոր արդար դատը, չէր կրնար անմասն մնալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսի գործադրութեան:

Այս է պատճառը, որ  «Զարթօնք» շրջանէ մը ի վեր օրական սիւնակ մը կը յատկացնէ այս նպատակի ծանուցման ու տարածման ի խնդիր, եւ անշուշտ պիտի շարունակէ նոյն ուղղութեամբ աշխատիլ յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Այսօր,  2017 տարուայ սեմին եւ Սրբ. Ծննդեան տօնին նախօրէին, «Զարթօնք»ը որոշեց այս անգամ գործնական եւ շօշափելի քայլ մըն ալ առնել այս ուղղութեամբ:

soldier

Յառաջիկայ օրերուն, «Զարթօնք» վստահելով իր ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն պիտի ձեռնարկէ  նուիրահաւաքի արշաւ մը, ձմրան օրերուն բուրդէ հիւսուածքներով պատսպարելու համար Արցախի ճակատը պահող մեր քաջարի զինուորները, որոնք ամենադժուարին պայմաններու տակ իրենց կեանքին գինով մեր սահմանները կը պաշտպանեն:

«Զարթօնք» նաեւ ծրագրած է յառաջիկայ օրերուն լոյս տեսնելիք իր Նոր Տարուան Բացառիկի հատավաճառէն գոյացած գումարը ամբողջութեամբ նուիրել նոյն վեհ նպատակին:

Կեցցէ՛ Հայ զինուորը:

Թող յաւերժ ապրի Արցախը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին