Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Մենք Ամէն Ինչով Պիտի Աջակցինք Բոլոր Այն Ծրագիրներուն, Որոնք Ուղղուած Պիտի Ըլլան Սուրիահայերուն` Հայաստանի Մէջ Մնալուն. ՀՀ Վարչապետ

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Դեկտեմբեր 15-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներ ներկայացնող խումբ մը սուրիահայ գործարարներ` զիրենք յուզող հարցերը լսելու եւ լուծման տարբերակները քննարկելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ կառավարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։

Սուրիահայ գործարարները անդրադարձած են տնտեսական համարկման խնդիրներով զբաղելու համար ստեղծուած «Սուրիահայերու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան գործունէութեան, տեղական արտադրութեան խթանման ու արտածման, վարկաւորման, օրէնսդրական դաշտին վերաբերող, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու:

«Մենք ամէն ինչով պիտի աջակցինք բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան սուրիահայերուն` Հայաստանի մէջ մնալուն: Դուք մշակոյթ փոխած էք Երեւանի մէջ, գործառոյթի, ծառայութիւններու  մարզերուն մէջ, եւ ձեր կայացումը մեզի համար չափազանց կարեւոր է», հաստատած է Կարէն Կարապետեան:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ պետութիւնը պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու սուրիահայ գործարարներուն` յորդորելով զանոնք իրենց գործարարական ծրագիրներն ու առաջարկները ներկայացնել Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւն: Մատնանշուած շարք մը հարցերու առընչութեամբ վարչապետը յանձնարարականներ տուած է համապատասխան նախարարութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է սուրիահայ գործարարներուն հետ քննարկելու անոնց գործարարութեան զարգացման վերաբերող որեւէ առաջարկ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին