Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքի «Մաշտոցեան տառեր» հայկական դպրոցի սաները եւ «Հայ պատանի» ակումբի երիտասարդները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման:
«Արձագանգելով Սփիւռքի նախարարութեան կոչին` մենք եւս կը միանանք «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման: Մեր դպրոցին մէջ իրականացուած ժողովի ընթացքին բոլորս եկանք համաձայնութեան, որ 2017 թուականին իրականացուող բոլոր ծրագիրներն ու ձեռնարկները կը նուիրուին Արցախին:
Մայիսին մենք ձեռնարկ մը կազմակերպած էինք «Ես եմ Արցախը» խորագիրով, որ լուսաբանեց Տիժոնի «Պիեն փապլիք» թերթը: Ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս ալ հիմա` թէ մեծերը, թէ փոքրերը պատրաստ են իրենց մասնակցութիւնը ունենալու բոլոր ձեռնարկներուն:
«Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժման գաղափարը նոյնպէս շատ ոգեւորեց բոլորը: «Հայ պատանի»-ի ակումբի երիտասարդները իրենց ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք պիտի կազմակերպեն: Ցուցահանդէսէն բացի պիտի կազմակերպուին բարեգործական ձեռնարկներ , որոնցմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախի յատուկ դպրոցներ յաճախող երեխաներուն»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսած է հայկական համայնքի հիմնադիր եւ «Մաշտոցեան տառեր» հայկական դպրոցի տնօրէն Լիլիթ Բաղրամեան:
«Իմ կարծիքովս Արցախին նուիրուած որեւէ բան նախաձեռնելէ բացի` կրնանք նաեւ արցախցիներուն ընդգրկել մեր ձեռնարկներուն: Պատկերացուցէք` ինչ հաճելի ու հետաքրքիր կ’ըլլայ եթէ խումբ մը ղարաբաղցի եւ սփիւռքահայ երիտասարդներ միասին աշխատին գաղափարի մը շուրջ եւ միասին իրագործեն որեւէ ծրագիր:
Հիմնական ծրագիրներէն մէկը նաեւ այն կ’ըլլայ, որ Տիժոն քաղաքին մէջ կը կազմակերպենք մեծամածաւալ ձեռնարկ, որուն մասնակից կ’ըլլան ո՛չ միայն հայ համայնքի, այլեւ` ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչներ: Այդ ձեռնարկին ընթացքին կը ներկայացնենք Ղարաբաղի պատմութիւնն ու մշակոյթը»,-իր խօսքը եզրափակած է դպրոցի տնօրէնը: