Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Երեւանի Մէջ ATM-ներէ Փորձած Են Գողնալ Միլիոններ

Երեւանի մէջ երկու ATM- գործիքներու վրայ այսօր կատարուած աւազակային յարձակման մասին ոստիկանութիւնը հաղորդում ստացած է: Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն Panorama.am-ին տեղեկացուցած են, որ Բաղրամեան փողոցի վրայ ահազանգ ստացած են, որ ATM գործիքին ամրացուած է կազի տակառ եւ հնարաւոր է պայթի: Իսկ Սարեան փողոցի վրայ ահազանգը, ըստ աղբիւրին, եղած է պայթումին մասին:

Ոստիկանութենէն կը յայտնեն, որ այս պահուն հերթապահ խումբերը բաշխուած են, կը կատարուին քննչական գործողութիւններ: Այլ մանրամասնութիւններ դեռ եւս չեն յայտներ։

Քննչական կոմիտէի խօսնակ Սօնա Տռուզեան Panorama.am-ին ըսած է, որ առաջին ահազանգը ստացած են Կեդրոն տարածքէն եւ դէպքի վայր մեկնած է քննչական խումբը: Դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած են դրամներ, կատրուած է յափշտակութիւն:  Ներկայիս քննութեամբ կը ճշդուի վնասին չափը:

Յաջորդ ահազանգը ստացած են Արաբկիր վարչական շրջանէն, յանցագործութիւն կատարած անձիք չեն հասցուցած աւարտին հասցնել գործը:

Այս դէպքերուն հետ կապուած Shamshyan.com-ը կը տեղեկացնէ, որ Սարեան փողոցի վրայ անյայտ անձիք յարձակում գործած են «Ակբա Կրեդիտ Ագրիկոլ» դրամատան պատկանող ATM-ի վրայ եւ պայթեցնելով փորձած են տանիլ մօտ 7.5 միլիոն դրամ, սակայն չեն հասցուցած տանիլ այնտեղ մնացած 3 միլիոն դրամը:

Իսկ Արաբկիր վարչական շրջանէն ստացուած ահազանգը կը վերաբերէր Բաղրամեան փողոցին վրայ գործող «ՎՏԲ Հայաստան Պանկ» ՓԲԸ-ի N 4 մասնաճիւղին մէջ կատարուած յարձակումին: Այստեղ նոյնպէս, յանցագործները փորձած են ATM-ի գործիքը պայթեցնելով գողնալ գումար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին