Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

«Արարատ» Հիմնարկի Նոր Նախաձեռնութիւնը Քարվաճառի Մէջ

«Արարատ» հիմնարկը Արցախի Քարվաճառ շրջանին մէջ, հանրութեան օգնութեամբ պիտի իրականացնէ սոյն շրջանի մշակութային կեդրոնի նորոգման եւ կառուցապատման լայնածաւալ ծրագիր մը, որ պիտի մեկնարկէ 2017 թուականի գարնան: Այս ծրագիրը եւ անոր իրականացման համար պահանջուող նիւթական միջոցներու հաշուեկշիռը ամբողջացած են:

Ներկայիս մշակութային կեդրոնը կը գտնուի հիմնովին վնասուած վիճակի մէջ, որուն 300 հոգինոց փլատակուած հանդիսասրահը պիտի վերածուի բարձրակարգ արդիական կառոյցի մը իր բոլոր յարմարութիւններով. անիկա  պիտի ունենայ նոր տանիք, դռներ, յատակ եւ պատուհաններ, նոր բեմ՝ իր ձայնային եւ լուսային համակարգերով: Պիտի կառուցուին 8 նոր արտաքնոց, ելեկտրականութեան եւ ջեռուցման համակարգեր, պիտի վերաձեւաւորուի շէնքի մուտքն ու պիտի նորոգուի բակը, ներառեալ կոյուղիի հականեխիչ համակարգը: Հին շէնքը պիտի համալրուի 304 ք. մեթր նորակառոյց շէնքով, որ պիտի ունենայ 7 արուեստանոց, իր բազմաբնոյթ յաւելեալ յարմարութիւններով, հանրութեան կարիքներուն առաւելագոյնս ծառայելու համար:

Վերակառուցելով Քարվաճառի մշակութային կեդրոնը, մենք պիտի ապահովենք համայնքի ապագան, նաեւ պիտի նպաստենք աշխատատեղերու ստեղծման՝ ինչպէս շինարարական աշխատուժի, այնպէս ալ արուեստագէտներու համար, երաշխաւորելով շրջանի երիտասարդ սերունդի համար ստեղծագործ միտքի ու տաղանդի բացայայտման այն վայրը, որ պիտի թեւաւորէ անոնց պայծառ ապագայի հեռանկարով: Քարվաճառի մշակութային կեդրոնը ծրագրուած է դառնալու ողջ Նոր Շահումեան շրջանի 15 համայնքներու համար կատարողական արուեստի կեդրոնատեղի, շրջանի մը մէջ, որ բնակարանային կառուցման եւ աշխատատեղերու սուր կարիք ունի», կը յայտնեն հիմնարկէն:

2015-2016 տարեշրջանին, «Արարատ» հիմնարկը այս շրջանին հասցուցած է 120 հազար տոլարի արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն՝ հագուստեղէն, տնային գործածութեան առարկաներ եւ դպրոցական պիտոյք:

«Արարատ» հիմնարկը հիմնադրուած է 2005-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Քալիֆորնիա. անիկա ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է 501(c) (3), որ կ’իրականացնէ հանրային ծառայութեան ծրագիրներ՝ դաստիարակչական, մշակութային, մարդասիրական՝ խթանելով հայ ինքնութեան պահպանումն ու յարատեւումը:

Քարվաճառի մշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի վերակառուցումը մէկէ աւելի նպատակներ հետապնդող ազնիւ գաղափար է եւ կարիք ունի ձեր անյապաղ օժանդակութեան:

Կը խնդրենք միանալ այս գաղափարին, եւ միասնաբար վերակառուցենք Արցախը:

Կայքէջի հասցէն է՝

www.AraratFoundation.org, իսկ նուիրատուութեան հասցէն է՝ https://gofundme.com/Help-Build-Karvajar-s-cultural-center

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին