Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Հայկական Մշակոյթի Օր Էսթոնիոյ ՄԷջ

Դեկտեմբեր 4-ին, Էսթոնիոյ «Բաց երկնքի տակ» թանգարանին մէջ հայկական մշակոյթի օր էր, որուն մասնակցեցան նաեւ Էսթոնիոյ Թալլին եւ Թարթու քաղաքներու «Մաշտոց» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներն ու «Երազանք» երաժշտական խումբը:

Թանգարանի բազմազգ մարդաշատ դահլիճին մէջ Էսթոնիոյ հայկական համայնքի ղեկավար Ռազմիկ Իւանեանի բացման խօսքէն յետոյ ձեռնարկը շարունակուեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին պատմող յագեցած տեղեկատուական ծրագիրով, հիւրերու հետ աշխոյժ հարցազրոյցներով, «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու եւ «Երազանք» երաժշտական խումբի գեղեցիկ, ուրախ երգերով եւ պարերով:

Ձեռնարկին բոլոր ներկաները ճաշակեցին նաեւ հայկական համեղ խոհանոցի անկրկնելի կերակրատեսակները: Մթնոլորտն ալ աւելի հետաքրքիր եւ աշխոյժ դարձաւ ազգագրական «Կարնոյ քոչարի» պարի ուսուցմամբ: Փոքրիկ մասնակիցները ոգեւորուեցան Թարթուի «Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ Վաչագան Խաչատրեանի ձեռքի աշխատանքի հմտութեան դասով:

Ձեռարկինաւարտին մասնակիցները միանալով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան` լուսանկարուեցան համահայկական շարժման կոչի պաստառով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին