*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունք է, որուն կաշկանդումը արդար եւ բնականաբար արտօնելի չէ:
Սակայն, երբ ըլլան մարդիկ, որոնք այդ ազատութիւնը չարաշահեն այնպէս մը, որ իրենք դառնան անպատկառ արարածներ, այս պարագային արտայայտութեան ազատութիւնը կը վերածուի գռեհիկ արտայայտութեան…:
Ատենէ մը ի վեր ՍՕՍ Թի ՎԻ (SOS TV) անունով Եու Թիւպի (Youtube) վրայ սփռուող՝ իբր թէ երգիծական հաղորդաշար մը կայ, որուն պատրաստողները իրենց հաղորդաշարը կը բնորոշեն որպէս «սատիրայի վրայ հիմնուած երգիծական հաղորդաշար, որը նպատակ է հետապնդում ներկայացնել Հայաստանում առկայ խնդիրները, դրանք վերարտադրելով սատիրայի հիման վրայ ձեւաւորուած պատկերների, խօսքի կամ այլ արտայայտչամիջոցների օգտագործմամբ»:
Թող ներեն ինծի այդ հաղորդաշարը պատրաստողները՝ իրենց խօսքով «թիմ»-ը, հաղորդավար՝ Վիլէն Գայֆէճեանը, ժապաւէնի սարքաւորողներ՝ Հայկ Խառատեանը եւ Հայկ Բարսեղեանը, նկարահանող, ձայնային գործարկու եւ թատերական ուրուագծող՝ Հայկ Բարսեղեանը, եթէ իրենց յականէ անուանէ մատնանշեմ շեշտելով, որ իրենց կատարած գործը իր բնոյթով սատիրա (երգիծաբանութիւն) չէ: Ան հայհոյանքներով եւ լրբութեամբ լեցուն աժան յայտագիր մըն է, հեռու՝ ամէն բարոյականութենէ եւ արուեստի մը պարտադրած կանոններէ (norms):
Երգիծագրութիւնը եւ երգիծական ներկայացումը արուեստ է, որ նաեւ մարդկային հաւաքականութեան մէջ ընկերային եւ մտածելակերպի փոփոխութիւն կը յառաջացնէ, հանդիսանալով այդ փոփոխութեան կարեւոր գործիքներէն մին: Արուեստի իր բարձրունքին վրայ ան նոյնիսկ կը ծիծաղեցնէ իր մեծահոգի զոհերը, սակայն, երբ ան կ’անցնի բարոյականութեան սահմանէն անդին՝ թեւակոխելով գռեհկութեան տիղմը, այդ պարագային ո՛չ թէ կը դադրի ծիծաղեցնելէ կամ իր ազնիւ նպատակին ծառայելէ, այլ կը վերածուի կործանիչ գործիքի մը, որ կը պղծէ սերունդի մը բարոյական արժէքները եւ մինչեւ իսկ ազգային անվտանգութեան գետնի վրայ վտանգ կը սպառնայ…:
Ի՞նչ է ՍՕՍ Թի ՎԻ-ի (SOS TV) պատասխանատուներուն հետապնդածը, միայն իրենք գիտեն, սակայն մենք մեր կարգին գիտենք, որ հակառակ անոնց յայտարարութեան, թէ «SOS TV-ն տեղական, շահոյթ չհետապնդող նախաձեռնութիւն է, որը գործում է նոյն գաղափարներն ու արժէքները կրող անհատների կամաւորութեան հիման վրայ», շուրջ 2 տարուան անխափան եւ հետեւողական իր 26-րդ էփիզոտին հասած՝ արհեստավարժ սարքաւորումով հաղորդաշար մը, չի կրնար առանց ֆինասաւորումի եւ նպատակակէտի ըլլալ, որոնց մէջ է, որ կը կայանայ անոր բուն վտանգը: