Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ եւ վերջին ընթերցմամբ միաձայն 100 կողմ ձայով ընդունեց «ՀՀ քրէական օրէնսգրքում լրացում կատարելու մասին» եւ «ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում լրացում կատարելու մասին» օրինագիծերու փաթեթը:
Անոնց նպատակը փտածութեան դէմ պայքարն է:
Կը նախատեսուի, որ քրէական պատասխանատուութեամբ` երեքէն վեց տարի կ’ազատազրկուին ապօրինի հարստացած` յայտարարագիր ներկայացնելու պարտականութիւն ունեցող այն պաշտօնատար անձիք, որոնց գոյքի աւելացումը եւ (կամ) պարտաւորութիւններու նուազումը էականօրէն կը գերազանցէ անոնց օրինական եկամուտները, եւ որ ողջամտօրէն չի հիմնաւորուիր այդ հարստութիւնը:
Կը նախատեսուի, որ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ 2017 թուականի Յուլիս 1-էն:






