Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Լէոնարտօ Տի Քափրիօն «Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամին Մեծ Գումար Նուիրաբերած է

Հոլիվուտեան օսկարակիր դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօն բաւական մեծ գումար հանգանակած է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին, կ՛ըսուի վերջինիս ֆէյսպուքեան (facebook) էջին մէջ:

Կը հաղորդուի, որ բարեգործական նպատակներով տի Քափրիoն 65 հազար տոլարով գնած է Ճոյ Պրետլիի նկարը: Դրամահաւաքի ընթացքին հնարաւոր դարձած է ստանալ 3.7 միլիոն տոլարի հասնող նուիրատուութեան խոստումներ:

Նշենք, որ «Հայաստանի մանուկներ»-ը հիմնադրուած է 2000 թուականին Նիւ Եորքի մէջ Կարօ Արմէնի կողմէ: Հիմնադրամի գործունէութիւնը միտուած է Հայաստանի կարիքաւոր գիւղական բնակավայրերու մէջ երեխաներու համար բարեկեցիկ ապագայ կառուցելուն:

Աւելի առաջ հիմնադրամին աջակցելու եւ նուիրատուութիւններ ընելու կոչ յղած էր աշխարհահռչակ դերասան Թոմ Հանքսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին