Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան համատեղ ջանքերով, Ազգային առաջնորդարանը սկսած է արդէն փակել ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու, անձնակազմերու նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ այլ յետնեալ պարտքերը։

Այս նախաձեռնութեամբ, ամբողջականօրէն գործադրութեան հունի մէջ կը մտնէ Լիբանանի Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին որդեգրած որոշումը՝ Ազգային միացեալ վարժարանի 2017-2018 կրթական վերամուտէն առաջ փակելու նիւթական պարտաւորութիւնները՝ միաւորուած, ինչպէս նաեւ գործող բոլոր ազգային վարժարաններուն։

Այս քայլով Ազգային առաջնորդարանը կու գայ, միանգամընդմիշտ, տալու արմատական լուծում 21 տարիներէ ի վեր կուտակուած նիւթական պարտքերու թղթածրարին, որ գոյացած է Լիբանանի տնտեսական տագնապի, կրթական ֆոնտերու նօսրացման, ինչպէս նաեւ այլ առարկայական ու ենթակայական պատճառներով։ Այստեղ պէտք է հաստատել, որ վերջին շրջանին, առաջնորդարանը արդէն իսկ հիմնական դերակատար դարձած է ազգային կարգ մը վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութեան ստեղծման ճիգերուն՝ կատարելով մեծագումար յատկացումներ։

Կ՝ակնկալենք, որ հայ դպրոցին հանդէպ այս գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ յետնեալ նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու ազգային առաջնորդարանին վճռական որոշումը, որ անշուշտ կ՛ենթադրէ մեծագումար նիւթական ներդրում, դառնայ ուշադրութեան կարեւոր առանցք, եւ կրթական պատասխանատուներ՝ տնօրէնութիւններ, ուսուցչական կազմեր, խնամակալութիւններ, ինչպէս նաեւ ծնողներ ու հայկական դպրոցին նեցուկ հանդիսացող բարերարներ ու բարեկամներ համատեղ ճիգով ու յաւելեալ աշխուժութեամբ զօրակցին ազգային վարժարաններու պայծառակերտման ու անոնց ճառագայթումին նպաստող բոլոր քայլերուն ու ծրագիրներուն որդեգրման ու գործադրութեան։

Աւելի՛ն, Ազգային առաջնորդարանը հետամուտ է ստեղծելու եկամուտի մնայուն աղբիւրներ, որպէսզի ազգային վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութիւնը այլեւս դուրս գայ մնայուն մղձաւանջ ստեղծող կացութենէն ձերբազատուի եւ առիթ ընձեռէ, որ կրթական համակարգը օժտուի արդի, ժամանակակից նոր կարելիութիւններով ու միջոցներով։

Ազգային միացեալ վարժարանի համար 25 Նոյեմբեր 2016-ին կազմակերպուած հանգանակային ճաշկերոյթը ստեղծեց լայն խանդավառութիւն, եւ գոյացած հասոյթը եկաւ տալու յաւելեալ փաստ մը, որ լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր շերտերով մեծապէս կը գնահատէ հայկական դպրոցին դերակատարութիւնը՝ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարդակերտումի ու ապագայ մարդուժի պատրաստութեան առումով։

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ յաւելեալ յանձնառութեամբ, համոզումով ու գիտակցութեամբ կառչելու հայկական դպրոցի առաքելութեան եւ նեցուկ կանգնելու արդէն իսկ կրթական հարուստ կենսափորձ նուաճած ազգային վարժարաններու դերակատարութեան շեշտադրման, որ ինքնին կարեւոր գործօն է գաղութային կեանքի ուժեղացման եւ նպատակասլաց երթին։

Բոլորս միասնաբա՛ր պարտաւոր ենք լարելու մեր ճիգերը, համակելու մեր միջավայրը հայեցի կրթութեան շունչով ու հաւատքով, որպէսզի մեր առօրեային մէջ հայկականութիւնը դառնայ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն, կարելի ըլլայ երաշխաւորել մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումը ու անխախտ պահել լիբանանահայ գաղութին համահայկական դերակատարութիւնը։ Հայկական դպրոցի պահպանումն ու զարգացումը մեզի համար պէտք է շարունակեն մնալ ռազմավարական խնդիր ու անոր յառաջընթացին համար պէտք չէ խնայել ճիգ ու ներդրում։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

15/12/2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին