Հոլիվուտեան օսկարակիր դերասան Լէոնարտօ տի Քափրիօն բաւական մեծ գումար հանգանակած է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին, կ՛ըսուի վերջինիս ֆէյսպուքեան (facebook) էջին մէջ:
Կը հաղորդուի, որ բարեգործական նպատակներով տի Քափրիoն 65 հազար տոլարով գնած է Ճոյ Պրետլիի նկարը: Դրամահաւաքի ընթացքին հնարաւոր դարձած է ստանալ 3.7 միլիոն տոլարի հասնող նուիրատուութեան խոստումներ:
Նշենք, որ «Հայաստանի մանուկներ»-ը հիմնադրուած է 2000 թուականին Նիւ Եորքի մէջ Կարօ Արմէնի կողմէ: Հիմնադրամի գործունէութիւնը միտուած է Հայաստանի կարիքաւոր գիւղական բնակավայրերու մէջ երեխաներու համար բարեկեցիկ ապագայ կառուցելուն:
Աւելի առաջ հիմնադրամին աջակցելու եւ նուիրատուութիւններ ընելու կոչ յղած էր աշխարհահռչակ դերասան Թոմ Հանքսը:






