ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» («1000 դրամ»-ի պայմանական անուանում ստացած) եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերուն ծրարը: Այմ մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը երկրորդ ընթերցումով ընդունելու հարցին կողմ քուէարկեցին 98, դէմ` 2, ձեռնպահ` 1 պատգամաւոր: Քուէարկութենէն ետք՝ ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան յայտարարեց, որ իրենք` Արամ Մանուկեանը, Լեւոն Զուրաբեանը, Ստեփան Տէմիրճեանը, դէմ պիտի քուէարկեն, սակայն, ելեկտրոնային քուէարկութեան համակարգը կողմ արձանագրած է: Մանուկեանը քարտուղարութեան խնդրեց իրենց կողմ քուէարկութիւնը փոխել եւ դէմ դարձնել:
Մինչ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը երկրորդ ընթերցումով քուէարկութեան դնելը՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, առաջին ընթերցումով ընդունելու համար, քուէարկութեան դրաւ շարք մը օրէնքներու նախագիծեր, որոնք օրէնսդրական փաթեթին աւելցած էին երկրորդ ընթերցման փուլին: Աւելցուած նախագիծերը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցին կողմ քուէարկեցին 95, դէմ` 7, ձեռնպահ` 1 պատգամաւոր:
«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» եւ կից ներկայացուած օրէնքներու նախագիծերու ծրարով՝ կը նախատեսուի ստեղծել մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած կամ հաշմանդամ դարձած զինծառայողներու ընտանիքներու աջակցութեան հիմնադրամ, որուն իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացի իր աշխատավարձէն ամէն ամիս 1000 դրամ պիտի փոխանցէ: 1000 դրամ պարտադիր վճարէն ազատած են այն անձերը, որոնք բանակին մէջ ծառայող զինուոր ունին, զոհուած կամ հաշմանդամ զինծառայողներու ծնողներ են,- իսկ նուազագոյն աշխատավարձ ստացող քաղաքացիներուն փոխարէն պիտի վճարեն գործատուները:






