*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցով, անոր շուտ կամ ուշ իրագործումը չէ, որ զիս կը հետաքրքրէ այնքան, որքան այն վտանգաւոր քաղաքական մշակոյթը, որ վերջին տարիներուն սկսած են մտցնել լիբանանցի քաղաքացիին ենթագիտակցութեան մէջ:
Կառավարութեան կազմին մէջ նախագահի, վարչապետի կամ խորհրդարանի նախագահի, նաեւ քաղաքական կողմերու «բաժին» ունենալը շատո՜նց մշակոյթի վերածելէ ետք, այժմ արդէն կարծէք շատ բնական կանոն (norm) է, թէ ո՞ր կողմը ի՞նչ նախարարութիւն ձեռք պիտի ձգէ…:
Չէ՞ որ իւրաքանչիւր նախարարի քուէն համահաւասար ուժ է գործադիր իշխանութեան մէջ: Հապա այս պայքարը տուեալ նախարարութիւն մը ձեռք ձգելու ի՞նչ կը նշանակէ: Կը նշանակէ, որ նախարարութիւններ կան, որոնցմով աւելի կարելի է քաղաքացի «գնել» կամ «կաշառել», հետեւաբար ազդեցութեան գօտին ընդարձակել քուէարկողներուն մօտ ապագային անոնց քուէները «գնելու»…:
Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ կողմերը կռուին՝ առողջապահութեան, հանրային շինարարութեան եւ նման նախարարութիւններու համար, որոնք փոխանակ քաղաքացիին ծառայելու, անոր տարրական իրաւունքը «սուղի կը ծախեն» խեղճ քաղաքացիին clientalism-ի տրամաբանութեամբ…:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, բնաւ լսա՞ծ ես, սիրելի ընթերցող, որ լիբանանի քաղաքական կողմերը կը կռուին ձեռք ձգելու կենսոլորտի նախարարութիւնը օրինակի համար…: Բնաւ, երբե՛ք, որովհետեւ իսկական ծառայութեան հասկացողութիւնը շատո՜նց վերացած է լիբանանեան քաղաքական բառարանէն: Քրիստոնէական minister (ծառայող) հասկացողութիւնը շատո՜նց աղաւաղուած է տեղ տալով վերոյիշեալ երեւոյթին, որուն ամենամեծ դժբախտութիւնը այն է, որ քաղաքացին կարծէք եղածը շատ բնական երեւոյթ կ’ընկալէ… եւ մինչ անոնք կը բազմին իրենց բազկաթոռներուն վրայ, ինք կը մնայ առանց նստարանի…: