Լոս Անճելըսի հայ մամուլին մէջ կարդացինք, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի հերթական պաշտօնական ստախօսութիւնը, ուր եւ յիշուած էր մեր անունը:
Կատարենք ճշդումներ:
1.- Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին մուտքը Յորդանան ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է, որպէս ”Persona non grata” – Անբաղձալի Տարր:
Լուրը՝ որ գաղտնի պահուած էր Երուսաղէմի պատրիարքութեան կողմէ աւելի քան երկու ամիս, առաջին անգամ հրատարակուեցաւ ՍԹՎ Սանուց Միութեան «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթին մէջ, թիւ 46, Հոկտեմբեր 2016, էջ 5:
Լուրը ստուգուած էր միաբան անդամներէն, Ամմանի եւ Երուսաղէմի պատկան մարմիններէն:
Ճիշտ է, որ Պարէտ վրդ. մէկ այլ վարդապետի մը հետ ընկերակցած մեկնած էր Ամման, սակայն ո’չ սուրճ խմելու իր երեւակայած պալատին մէջ, այլ նամակ մը յանձնելու: Հետաքրքրականը այն է, որ Կրօնից հարցերով զբաղող Իշխան Ղազին անգամ՝ չէ ընդունած անոնց, այլ յանձնարարուած է պատրիարքութեան նամակը թողուլ քարտուղարութեան մօտ եւ հեռանալ:
2.- Ի’նչ կը վերաբերի Պոլսոյ վանքապատկան կալուածներուն, Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթն է, որ յաճախ կ’անդրադառնայ պատրիարքին եւ կալուածոց տեսչին Պոլիս կատարած յաճախակի հարցական` «Ժամանակ»ի բառով «առեղծուածային» այցելութիւններուն մասին, գրելով՝ «պատրիարքը ու կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրղ. Երէցեան բացարձակապէս թափանցիկ չեն գործեր կալուածներու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ: Միաբանութեան անդամները լուրջ անհանգստութիւն կապրին», տես «Ժամանակ» Յուլիս 15, 2016:
Պատրիարքութիւնը երբեք չէ հերքած «Ժամանակ»ի արձանագրութիւնները:
3.- Իսկ «Կովերուն պարտէզ»ի հողատարածքին վերաբերեալ, ՍԹՎ Սանուց Միութիւնը իր պաշտօնաթերթ «Հայ Երուսաղէմ»ի, թիւ 41 եւ 42 Յունիս-Սեպտեմբեր 2015 թիւերուն մէջ, արծարծած էր այս հարցը, որ մութին մէջ կատարուած գործարք մըն էր կալուածոց տեսչին կողմէ եւ առ ի հետեւանք, Յունիս ամսուան միաբանական ընդհանուր ժողովին, Միաբանութիւնը դէմ քուէարկած էր այդ ծրագրին:
Տարի մը վերջ, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը հրապարակեց չորս տարբեր լեզուներով յայտարարութիւն մը, որ աշխատանքներ պիտի կատարուին Հայոց Պատրիարքարանի փողոցին մէջ: Այս ծրագրին մէջ արձանագրուած է «Պարտէզի աշխատանք եւ ծառատնկում»:
Իսկ Jerusalem Post-ի թղթակից Daniel K. Eisunbud Յուլիս 8, 2016ի համարով կը յստակեցնէր այդ ծրագիրը գրելով՝ “The municipality and Jerusalem Development Authority intend to replace the badly pocked pavement with stone, and build a public square for tourists next to an Armenian genocide memorial.” (ընդգծ. մեր կողմէ): Ի պէտս անգիտաց ըսենք, որ հայոց Եղեռնի յուշարձանները, բոլորին ծանօթ՝ վանքապատքան «Կովերուն պարտէզ»ին հողատարածքին վրայ են:
Իսկ քաղաքապետարանը չի’ կրնար իրագործել իր ծրագիրը առանց հայոց պատրիարքութեան արտօնութեան:
Այս բոլոր տուուեալները արձանագրուած են «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթին մէջ թիւ 46, Հոկտեմբեր 2016, էջ 3:
Ահաւասիկ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:
Որքա՜ն պիտի ուզէինք, գէթ՝ անգամուան մը համար ճիշտ ըլլար Պարէտ վարդապետի անպաշտօն յայտարարութիւնը:
Ափսո՜ս:
Պարէտ վրդ. անծանօթ դէմք մը չէ մեր համայնքին, յատկապէս Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերու ծուխերուն, ուրկէ հեռացուած է:
Ցաւալի է, որ հայ մամուլը առանց կատարելու հարկ եղած ստուգաբանութիւնը, տեղ տուած է Պարէտ վրդ. Երէցեանի «կտոր մը թուղթ»ի պաշտօնական ստախօսութեան, մինչ ո’չ մէկ «Պաշտօնական Հաղորդագրութիւն» կայ Երուսաղէմի պատրիարքարանէն:
Դեկտ. 2016 Նահապետ Մելքոնեան