Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Լաթաքիաբնակ Գրող Յակոբ Ադամեանի Մահը

ԳՐԵՑ՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 Մնայուն եւ անկասելի տերեւաթափ մը կ՛ապրինք։

Երէց սերունդի ներկայացուցիչները մի առ մի հրաժեշտ կու տան մեզի՝ զգալի պարապութիւն մը յառաջացնելով մեր շուրջ, մա՛նաւանդ գրական-մտաւորական ճակատի վրայ։

Սա վերջին մէկ տարուան ընթացքին որքա՜ն արժէքներ կորսնցուցինք։

Դեկտեմբեր 13-ին, տխուր լուր մը հասաւ Սուրիոյ ծովափնեայ Լաթաքիա քաղաքէն։ Մահացած էր հայ մամուլի երկարամեայ աշխատակից մը՝ Յակոբ Ադամեան, 83 տարեկանին։ Ան իր աչքերը փակած էր իր կողակիցին մահէն երկու օր ետք…։

Ադամեան, արմատներով՝ խարբերդցի, Հալէպի ծնունդ էր (1933)։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած էր հայահոծ Նոր Գիւղի փոշոտ թաղերուն մէջ, զորս կը յիշէր ամէն առիթով, այդ շրջանէն յիշատակելի դրուագներ ալ պատմելով իր գրութիւններուն մէջ։ Աւարտած էր ծննդավայրին Կիլիկեան նախակրթարանն ու Մխիթարեաններու միջնակարգ վարժարանը։

Գործի բերումով կանուխէն հաստատուեր էր Լաթաքիա եւ կը զբաղէր շինարարութեամբ։ Բայց յամառ ինքնաշխատութեամբ եւ տեւական ընթերցումներով կրցեր էր տիրանալ գրական որոշ ճաշակի մըն ալ ու դառնալ աշխատակիցը լիբանանահայ մամուլի քանի մը անուններուն՝ «Նայիրի» շաբաթաթերթ, «Զարթօնք» օրաթերթ եւ «Շիրակ» ամսագիր։ Ընդհանրապէս կու տար կեանքի իրական պատկերներ կամ կը պատմէր մանկութեան յուշեր՝ ժողովրդային հաճելի ոճով մը եւ շեշտուած զուարթախոհութեամբ։

1985-ին Յ. Ադամեան հրատարակած էր իր անդրանիկ գիրքը՝ «Ուիլիըմ Սարոյեանի Լաթաքիոյ գիշերը» խորագրով։ 2000-ին լոյս ընծայուած էր իր «Կոտրած ինքնահոսը» պատմուածքներու ժողովածուն, իսկ 2009-ին ալ՝ «Պուպրիկներու հարսանիքը» հատորը։

Երկար տարիներ մաս կազմած էր Լաթաքիոյ հայոց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ՝  ՀԲԸ Միութեան տեղական վարչութեան։

Ողբացեալ արձակագիր Սմբատ Փանոսեանէն ետք (1909-1995), Յ. Ադամեան միակ անձն էր՝ որ Լաթաքիոյ փոքրաթիւ գաղութին մէջ հայ գրականութեամբ կը զբաղէր կամ գրիչ կը շարժէր…։ Բան մը, որ զինք կը դարձնէր «իւրայատուկ» տիպար մը։

2014-ի Յուլիսին, Անթիլիասի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը զինք պարգեւատրած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Յակոբ Ադամեանի մահուան գոյժին դիմաց՝ չեմ կրնար չյիշել այն մեծ հակադրութիւնը, որ «ոխերիմ թշնամի»ներ դարձուցած էր մեզ՝ երկուքս, մօտ տասը տարի առաջ։

Անձնապէս զինք ճանչնալու առիթ չէի ունեցած բնաւ։ Օր մը, սակայն, շատ պիտի զարմանայի, երբ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ պիտի կարդայի ինծի դէմ իր ստորագրած հրապարակային շա՛տ ծանր ու կծու մէկ յօդուածը, լի՝ անձնական բազմաթիւ վիրաւորանքներով ու անհիմն զրպարտութիւններով…։

Ի՞նչ պատահեր էր։ Յակոբ Ադամեան ինչո՞ւ իր գրիչը սեւ մրուրի մէջ թաթխելով՝ այսպիսի յօդուած մը մրոտեր էր։

Նիւթը պոլսաբնակ ծանօթ իրաւաբանուհի Ֆէթհիէ Չէթինի «Մեծ մայրս» («Աննէաննէմ») հատորին հայերէն թարգմանութիւնն էր։

Ես, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ յանդգնութիւնն ունեցած էի երկարաշունչ գրախօսականով մը քննադատելու այդ թարգմանութիւնը, զայն որակած էի «ձախաւեր», ցոյց տուած էի ատոր լեզուական ու քերականական անհաշիւ մեղանչումները (թարգմանութիւնը գործն էր հալէպաբնակ Սալբի Գասպարեանին)։

Ադամեան, այդ ձախորդ գործը պաշտպանելու անհասկնալի փութկոտութեամբ մը, ծայրայեղօրէն գրգռուած, չկարենալով իմ գրախօսականին անհերքելի հաստատումները ջրել, ձրի մեղադրանքներ կ՛ուղղէր իմ հասցէին, կը հեգնէր ու ծաղրանքի կ՛ուզէր ենթարկել զիս գռեհիկ ոճով մը, որ հայ մամուլի վերջին քսան տարուան պատմութեան մէջ աննախադէպ էր։ Ադամեանին գրութիւնը իսկական պարսաւագիր մըն էր, որովհետեւ ան սեւով ճերմակի վրայ կը գրէր, թէ «Լեւոն Շառոյեանը թուրքէ մը աւելի՛՝ Հայ Դատին դէմ աշխատող մըն է»…։

Քինախնդրութիւն չպահեցի իրեն հանդէպ, ո՛չ ալ հակադարձելու հարկն զգացի։

Դէպքին վրայէն անցան եօթը երկա՜ր տարիներ։

Ու օր մըն ալ՝ անակնկալ հեռաձայն մը։ Ի՛նք էր, Յակոբ Ադամեանը, Լաթաքիայէն։

Զիս կը փնտռէր՝ պարզապէս… ներողութիւն խնդրելու 7 տարի առաջ իմ հասցէին գրած իր անորակելի յօդուածին համար…։ Շշմած էի։ Հեռաձայնին միւս կողմէն կը խօսէր զղջացած մարդու տագնապահար հոգեվիճակով, կը յայտնէր որ մեծ անիրաւութիւն մը գործած էր այդ պարսաւագիրը գրելով, զոհ գացած էր սխալ դատումներու…։  Կ՛աղաչէր որ մոռնայի այդ տխուր դէպքը ու այսուհետեւ անկեղծ բարեկամ մը սեպէի զինք…։

Ահա՛ այսպէս «հաշտուեցանք» իրարու հետ, ես ու նորոգ հանգուցեալ Յակոբ Ադամեանը, առանց այնուհետեւ ալ տեսնելու զիրար կամ սեղմելու մէկզմէկու ձեռքը…։

Ու հիմա՝ իր մահուան գոյժը։

Հողը թեթեւ թող գայ իր վրան։

 (Հալէպ)

***

Միանալով Պրն. Լեւոն Շառոյեանին «Զարթօնք» իր կարգին կը գուժէ մահը մեր երբեմնի աշխատակից Յակոբ Ադամեանի մահը: Մեծ մը եւս ինկաւ իր բացը թողելով հայկական մամուլին էջերուն մէջ:

«Խմբ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին