Հինգշաբթի, 11. 09. 2025

spot_img

«Միրաք»-ի Ամանորեայ Պատրաստութիւնները Սկսած Են

ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման՝ Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2016-ի հաւաքին  տօնական տրամադրութիւններ կը տիրէր: Թէքէեան Կեդրոնէն ներս «Միրաք»ականներու կիրակնօրեան նուիրուած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ ձեռային աշխատանքներ պատրաստելուն: Այս շաբթուան ծրագիրին՝ ձեռայիններ պատրաստելու, «Միրաք»-ի յանձնախումբի աշխատանքներուն իր օժանդակութիւնը բերաւ Տիկ. Ռիթա Մագսուտեան Շատեանը, որ հաւաքի նախօրէին Ընկհ. Մակի Սողիկեանի հետ տօնածառի զարդարանքի եւ  ձեռակերտ բացիկներու տարբեր նմոյշներ պատրաստած էին:

«Միրաք»-ի անդամները, նախքան ձեռային աշխատանքներու անցնիլը, առիթը ունեցան ծանօթանալու Յորդանանէն ժամանած Ընկ. Ռաֆֆի Յակոբեանին հետ, որ մեծ ուրախութեամբ ականատես եղաւ խումբի աշխատանքին: Այնուհետեւ «Միրաք»-ի պատանիները թուղթով, խաւաքարտով, կերպասով, կպչուն նիւթերով ձեռային աշխատանքներ կատարեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը բացիկներ պատրաստեցին եւ շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ գրեցին, որպէսզի պատանիներու կողմէ յղուին «Միրաք»-ի բարեկամներուն եւ ՌԱԿ-ի ընկերներուն:

«Միրաք» տօնական պատրաստութեան իր աշխատանքները պիտի շարունակէ նաեւ յառաջիկայ Կիրակի:

IMG-20161212-WA0026

IMG-20161212-WA0002

20161211_115209

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին