Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Մասնակիցներու Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հետ

Դեկտեմբերի 12-ին, Լիբանանի ՀՀ դեսպանութեան մէջ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի լիբանանահայ մասնակիցները համաժողովի արդիւնքներու արժեւորման նպատակով հանդիպեցան աշխատանքային այցով Լիբանան գտնուող ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերու խմբագիրները, ինչպէս նաև համաժողովին մասնակցած լրագրողներ:

Այս տարուան Հոկտեմբեր ամսուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Լրագրողներու 8-րդ համաժողովի մասնակիցները իրենց տպաւորութիւնները, տեսակէտները եւ առաջարկները ներկայացուցին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին: Մասնակիցները նկատեցին, որ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու համաժողովները իրենց դրական արդիւնքները ունեցած են տարբեր ոլորտներու մէջ: Անոնք կարեւորեցին , որ այս համաժողովներուն տարուէ տարի աւելի մեծ թիւով մասնակիցներու ներկայութիւնը եւ անոնց թողած  արձագանգները:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ համահայկական տեղեկատուական դաշտի միասնականութեան, որու լաւագոյն փաստը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը եղաւ: Ըստ փորձագէտներու, տեղեկատուական դաշտը փայլուն կատարողականութիւն ցոյց տուաւ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին: Այս կատարողականութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէին լրագրողներու համահայկական համաժողովները, ժողովներու ընթացքին կատարուած հետազօտութիւնները, քննարկումները եւ այլն:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան օգտաշատ նկատեց շրջաններու մէջ մամուլի ակումբներու ձեւաւորումը, որ կրնայ նպաստել լրագրութեան խնդիրներու, շրջանային հարցերու քննարկման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդմանն ու խորացմանը: Այս առումով նախարարը կարեւորեց նաեւ ընդհանուր գործին մէջ ներգրաւել օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ անհատներ, որոնց միջոցով հայ ձայնը կարելի պիտի ըլլայ հասցնել աշխարհին:

Ան նաեւ նշեց, որ պետք է խորացնել «Դուն ի՞նչ  կ’ընես  Ղարաբաղի համար»  շարժումը եւ զայն աշխուժացնել առաւելաբար դպրոցներու, համալսարաններու, մշակութային ու քաղաքական կեդրոններու մէջ: Նախարար Յակոբեանը անդրադարձաւ նաեւ հայրենիքի մէջ տնտեսական ներդրումներ կատարելու քարոզչական աշխատանքի կարեւորութեան եւ վերջապէս շեշտը դրաւ մայրենիի պահպանութեան եւ աղաւաղման խնդիրներու վրայ: «Հայերէնն ամէն բանից աւելի  տաք պէտք է պահենք: Մեր պատասխանատուութիւնն է զգալ ու զգացնել տալ սրբութիւնը մայրենիի:  Եթէ լեզուն կորցնենք, ամէն բան կը կորցնենք: Աշխատենք ամէն գնով պահել ու տէր կանգնել մեր լեզուին»,-ըսած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարը:

Ներկաները առաջարկեցին, որ համաժողովներու ընթացքին հնարաւորութիւն ստեղծուի բոլոր մասնակիցներու համար՝ քննարկումներուն մասնակցելու, առաջարկուեցաւ նաեւ օտարազգի լրագրողները եւս ներգրաւել եւ տեղեկացման նպատակով հրաւիրել Հայաստան:

Մտահոգութիւն յայտնուեցաւ նաեւ զգոյշ ըլլալու ապատեղեկատուութենէն եւ ամէն գնով բացառելու Սփիւռքի լրատուութեան դաշտին մէջ ապատեղեկատուութեան, յերիւրանքի եւ վիրաւորանքի տարածումը:

Հանդիպման մասնակիցները ողջունելի համարեցին նոր լրագրողները առաջնագիծ տանելու հրաշալի գաղափարը, որ բնականաբար, դրական հետեւանքներ կ’ունենայ լրատուութեան վրայ: Ողջունելի համարուեցաւ նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահներու եւ վարչապետի հետ  լրագրողներու հանդիպումները, որոնք կը նպաստեն շատ աւելի իրազեկ ըլլալու հայաստանեան խնդիրները լուսաբանելու ժամանակ:

Հանդիպման աւարտին քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ու յետագայ ընելիքները:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին